2014-11-13 09:05:26

Մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու Եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու համաշխարհային համագումարը։


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 14 նոյեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդին կը ներկայացուի՝

''Եկեղեցական շարժումներու եւ նոր հասարակութիւններու համաշխարհային համագումարը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ 20-22 նոյեմբերին, Հռոմի Մարիա Մաթէր Էքլէզիա քահանայապետական վարժարանին մէջ։
Համագումարին կեդրոնական նիւթն է ''Աւետարանի ուրախութիւնը, առաքելական ուրախութիւն''։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՝ունենան, աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքօ, ինչպէս խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Քլէմէնս։
Իսկ եկեղեցական շարժումներու շարքին ելոյթ կ՝ունենան Իտալական Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի նախագահ Տիկին Մարիա Վոչէ։ Ապա Պէլկիոյ՝ էմմանուէլ հասարակութեան միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Փրոֆ. Ժան Լիւք Մոէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.