2014-11-13 08:56:02

ՄԱԿ-ի միջազգային կազմակերպութեան ահազանգը Իրաքի եւ Սուրիոյ տեղահաններուն իրավիճակին ի տես:


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014)Սուրիոյ եւ իրաքի տագնապալից իրավիճակին պատճառով, մինչեւ այսօր սոյն երկիրներէն գաղթած են աւելի քան 13 միլիոն մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուին ողբերգական վիճակի մէջ եւ չեն գիտեր ինչպէս դիմագրաւել ձմեռուան ցուրտը։
ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն գործակալութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է ըսելով ''Աշխարհը անտարբեր կը գտնուի այս երեւոյթին առջեւ'' եւ մտահոգութիւն յայտնած է, նիւթական օժանդակութեան պակասութեան ինչպէս նաեւ ձմեռուան ցուրտի դիմաց պատշաճ խնամակալութիւն ընծայելու գաղթականներուն։
ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն գործակալութիւնը յայտնած է նաեւ, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի կացութիւնը շատ դժուար վիճակի մէջ կը գտնուի ինչպէս նաեւ այն երկիրներու կացութիւնը, որոնք հիւրընկալած են գաղթականները ինչպէս Լիբանանը, Յորդանանը Իրաքը եւ Թուրքիան։ ՄԱԿ-ը ապա կոչ ուղղած է եւրոպական երկիրներուն յայտնելով թէ՝ ''ժամանակը հասած է բանալու իրենց երկիրներու սահմաններուն դռները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.