2014-11-13 08:32:39

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Ձեռագիր եւ տպագիր մշակոյթ

RealAudioMP3 Գրքի արտադրութեան մէջ կը զանազանենք ձեռագիր եւ տպագիր մշակոյթ։ Տպագրութիւնը կը սկսի 1455 թուականին, ուր Johannes Gutenberg Աստուածաշունչ մը կը հրատարակէ։ Իսկ հայկական առաջին տպագրեալ գիրքը՝ “Ուրբաթագիրքը“ կը հրատարակէ Յակոբ Մեղապարտ 1512ին, Վենետիկի մէջ։
Յստակ է “ձեռագիր” անուանումը. գիրքը պատրաստուած է ձեռքի գրութեամբ եւ ոչ մեքենաբար։ Երբ մեր ձեռքը տպագիր գիրք մը ունինք, այնտեղ կը կարդանք զանազան տուեալներ գրքի մասին՝ հեղինակ, հրատարակիչ, տպագրատուն, մեկենաս, ձօն, տպագրութեան տարի եւն։ Ասոնք կաեւոր են, կարենալ բնորոշելու գիրքը զ.օ. գիտնականի մը համար, որ իր աշխատանքին մէջ պիտի օգտագործէ տուեալ ուսումնասիրութիւնը։ Ձեռագիրներու պարագային՝ նոյնպէս անհրաժեշտ են որոշ տուեալներ՝ կարենալ արժեւորելու եւ դասաւորելու ձեռագիրը։ Ձեռագիրները կրնան ըլլալ մեզի ծանօթ ընդհանրացած գրքի կազմով, կամ երկար էջեր կամ թուղթեր՝ ոլորուած գլանի ձեւով, ինչպէս՝ հմայիլներ կամ աղօթքներու հաւաքածոներ։ Ձեռագիրները կրնան բաղկանալ միայն մէկ էջէ՝ զ.օ. կոնդակներ կամ հրովարտակներ, նամակներ եւն.
Որքան աւելի ետ երթանք պատմութեան մէջ՝ տուեալ տարիներու ձեառագիրներու թիւը անյնքան կը նուազի։ Սա ոչ միայն հայկական ձեռագիրներու պարագան է։ Ձեռագիրները կա՛մ գործածութեամբ մաշած ու բճացած են եւ կամ զոհ դարձած են հրդեհներու, բնութեան աւերներու եւ կամ դաժան ձեռքերու՝ պատերազմներու կամ հալածանքներու ընթացքին։
Ձեռագիր մը բնորոշելու համար՝ հարկաւոր է գիտնալ անոր մը մանրամասնութիւնները. ոչ միայն բովանդակութիւնը, այլ եւ բոլոր տուեալները, որոնք կրնան ձեռագիր մը բնութագրել։ Այս տաժանակիր աշխատանքը իրենց ուսերուն վրայ առած են ձեռագիրներու ցուցակներ կազմող բանասէրները։ Երբ բանասէրը ձեռագիրը իր ձեռքը կ՚առնէ՝ կը կատարէ մանրակրկիտ քննութիւն մը. զինք կը հետաքրքրեն՝
Արտաքին երեւոյթը՝ պահպանակ, կողք (փայտ, կաշի, լաթ, թուղթ, մագաղաթ)։
Յիշատակարաններ (ձեռագիրն ընդօրինակողը կամ ստացողը ինչ տեղեկութիւններ տուած են ձեռագրի արտադրութեան եւ իրենց ժամանակակից անցուդարձերու մասին, կամ իրենց իսկ անձի մասին)։
Բանասէրը կը յիշատակէ նաեւ բնագրի առաջին տողը՝ զ.օ. “Սկիզբն Աւետարանիս...“
Կնիքներ կամ սեփականատիրոջ տուեալներ։
Ձեռագրին ստացողը եւ գրողը կամ ընդօրինակողը (զ.օ. Յովսէփ գիրչ՝ Սմբատ իշխանի համար)։
Անուանում այն գործերուն որոնք բովանդակուած են մէկ ձեռագրի մէջ (մէկ ձեռագրի մէջ կրնան բովանդակուիլ զանազան գրքեր, ինչպէս՝ Աւետարաններ, յայսմաւուրք, ճաշոց եւն.)։
Ընդօրինակութեան տուաելներ՝ լուսանցքային տուեալներ, էջադրութիւն, սիւնակներ, կազմ, նիւթ (թուղթ, մագաղաթ, թանաք, կամ մելան, մանրանկարներ՝ ներկեր եւ գոյներ, էջերու թուարկում, տողերու քանակ, կրկնագիր մագաղաթ)։
Հնագրական տուեալներ՝ գրի տեսակի գործածութիւն (երկաթագիր, նոտր գիր), թուական կամ թուականներ, եւն.։
Պատմական տուեալներ՝ վնասուածքներ (այրուածք, արատարւոում՝ ներկ, իւղ, հիւթեր, արիւն, ցեցակեր եւն.)

Նկատի առնելով այս բոլորը՝ կը տեսնենք թէ ձեռագրի մը ճշգրիտ տեղեկութիւնները որքա'ն կարեւոր են բանասէրին համար։ Անոնք պատմութեան եւ մշակոյթի վկաներ են, որոնք կազմուած են լոկ նիւթէ եւ սակայն կը բովանդակեն ժողովուրդի մը սրտէն եւ մտքէն բխած ոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.