2014-11-13 08:24:43

Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող «Մի-24» ուղղաթիռ մը հարուածուած է Ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ։


Ազրպէյճանական զինեալ ուժերը չորեքխաբթի 12 նոյեմբեր 2014-ին զինադադարը խախտելով հարուածած են ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ վարժական թռիչք կատարող Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող «Մի-24» ուղղաթիռը, հաղորդած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ուղղաթիռի հրամանատարն էր Սերգէյ Սահակեան, որուն կ՛ընկերակցէին երկու օգնականներ` Ազատ Սահակեան եւ Սարգիս Նազարեան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն կատարելով յայտարարած է, որ հայկական ուղղաթիռը հարուած ստացած է պատասխան կրակով, երբ կը յարձակէր ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն վրայ:
Ըստ ազրպէյճանական կողմին, «Մի-24»-ը մարտական թռիչք կատարած է Աղտամի շրջանի Քենկերլի գիւղէն 1700 մեթր հիւսիս-արեւելք, յարձակած է դէպի ազրպէյճանական դիրքերը, ուրկէ բացուած կրակը զայն հարուածած է: Ուղղաթիռին բեկորները վար ինկած են սահմանագիծէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Երկիր» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կոչ ուղղած է չհետեւելու ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան եւ չտարածելու Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած հայկական ուղղաթիռի կեղծ լուսանկարը. «Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Ղարաբաղի մէջ կործանուած ուղղաթիռին վերաբերեալ կեղծ լուսանկարներ կը տարածեն: Ատիկա ուքրանական պատերազմէն է, մի՛ տարածէք», գրած է Բեգլարեան:
Մինչ ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հետեւեալ արձանագրութիւնը թողած է. «Ուղղաթիռի բեկորների ուսումնասիրութիւնը թոյլ կը տայ հաստատել, որ ուղղաթիռը զինուած չի եղել: Իրավիճակի այս լարումը ադրբեջանական կողմից շարունակւում էր, երբ ուղղաթիռը արդէն ընկած էր: Աւելին՝ ադրբեջանական կողմի կրակահերթը նաեւ թոյլ չէր տալիս, որ անգամ օդաչուներին մօտենան: Այս աննախադէպ լարման հետեւանքները ադրբեջանական կողմի համար շատ ցաւոտ կը լինեն եւ կը մնան Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խղճին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.