2014-11-12 08:42:53

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մասունքներու ցուցադրութիւն Պուրճ Համմուտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Պէյրութի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մասունքներու ցուցադրութիւնը։ Այս ծիրէն ներս, շաբաթ, 15 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4,00-ին, Պուրճ համմուտի հրապարակի վրայ պիտի դիմաւորուին Սուրբին մասունքները ու ապա կղերական դասն ու հաւատացեալները թափօրով պիտի ուղղուին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի։ Երեկոյեան ժամը 6,00-ին, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին, տեղի պիտի կ՛ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։
Իսկ Կիրակի, 16 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10,00-ին , Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր` եւ Պէյրութի պատրիարքարան թեմի փոխանորդ գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան պիտի գլխաւորէ հայածէս հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Յայտնենք որ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը եղած է հայերու մեծ բարեկամ։ Ան հանդիսացած է պատմութեան առաջին Քահանայապետը որ առաքելական այցելութիւն կատարած է Հայաստան 2001 թուականին, Հայ աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն հռչակումին 1700 ամեակի առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.