2014-11-11 13:54:47

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 11 նոյեմբերի քարոզը


Քրիստոնեաները ծառայութիւնը իշխանութեան թող չվերածեն

(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Պէտք է ծառայել առանց բան մը ակնկալելու ուրիշէն եւ պէտք չէ տիրապետել ծառայութեան վրայ՝ զայն վերածելով իշխանական կառոյցի մը։
՝՝Ձեզմէ ո՞վ, եթէ ունի ծառայ մը հողագործ կամ հովիւ, երբ ասիկա դաշտէն վերադառնայ՝ կ՝ըսէ անոր. շուտ եկուր եւ սեղան նստէ։'' (Ղուկ 17, 7-10)
Երեքշաբթի, 11 նոյեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը՝ կեդրոնացուց օրուայ աւետարանական ընթերցումին վրայ ուր՝ Յիսուս կը խօսի ծառայութեան մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապը նախ ակնարկելով ծառայի մը պարտականութեան մասին՝ ըսաւ թէ անոր գործը կը կայանայ ամբողջական ծառայութեան մէջ որովհետեւ ան ընտրած է այդ ճանապարհը. ծառան եղած է ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու համար ։
Յիսուս այսօրուայ աւետարանական ընթերցումին մէջ ցոյց կու տայ առաքեալներուն ուղին՝ բոլոր անոնց որոնք հաւատքը ստացած են՝ ծառայութեա'ն ուղին։ Հաւատքը հրաշքներ կը կատարէ միայն ծառայութեան ուղիով
Քրիստոնեայ մը որ Մկրտութեան Սուրբ խորհուրդով ստացած է պարգեւը հաւատքին, եթէ զայն չ՝ապրի եւ յառաջ չտանի ծառայութեան ուղիին վրայ, ուժաթափ եւ անպտղաբեր քրիստոնեայ մը կ՝ըլլայ եւ կ՝ապրի տխրութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա զգուշացուց՝ չխուսափիլ ծառայական կեանքէն ըսելով, թէ կեանքին մէջ պէտք է պայքարինք այն փորձութիւններուն դէմ որոնք կը հեռացնեն ծառայասիրութիւններէն ։Ասոնց շարքին ծուլութիւնը։ Ծուլութիւնը կը տանի հանգստաւէտ կեանքին, ամբարտաւանութեան ։
Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով՝ հայցել Տիրոջմէ հետեւեալ երկու շնորհքները, հեզութիւն ծառայութեան մէջ եւ երկրորդ ապրիլ՝ Տիրոջ երկրորդ գալստեան յոյսով։










All the contents on this site are copyrighted ©.