2014-11-11 09:57:53

Փաքիստանի քրիստոնեաները կը պահանջեն հայհոյանքի օրէնքին բարեփոխումը։


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Փաքիստանի բազմաթիւ քրիստոնեաները քայլարշաւ մը կազմակերպած են Պետութենէն պահանջելով ջնջել հայհոյանքի օրէնքը, որուն առաջին զոհերը քրիստոնեաներն են։
Կառավարութիւնը պարտական է պաշտպանել ապրելու իրաւունքը ու իր քաղաքացիներուն սեփական կալուածներն ու ինչքերը, յայտարարած է Փաքիստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը` փաստաբան Սարտար Ճիլ։
Քայլարշաւի մասնակցողները լոզունգներ բարձրացուցած են կրօնական հալածանքին դէմ, պահանջելով հայհոյանքի դէմ օրէնքի չարաշահութիւնը եւ խնդրելով միջազգային հասարակութեան դրական ու ազդու միջամտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.