2014-11-11 12:23:16

Ս. Երկրի ընդհանուր միաբանութիւններու նամակը անձինք նուիրեալ նուիրուած տարւոյն առթիւ։


(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) ''Երախտագիտութեամբ յիշել մեր մօտ անցեալը, ողջագուրել յոյսով ապագան ու եռանդով եւ նուիրումով ապրիլ ներկան, այնպէս ընել որ հարազատ ու անկեղծ մեր սէրը ի վիճակի ըլլայ ջերմացնելու մեր միջերկրական աշխարհամասը, որ ցնցուած է ատելութեան ու մահուան սառ հովէն''։ Այս են սահմանուած կէտ նպատակները Ս. Երկրի ընդհանուր կրօնաւորական միաբանութիւններու նուիրեալ կեանքի տարւոյն առթիւ։
Ս. Երկրին մէջ կ'ապրին 274 ճգնաւորներ բաժնուած 27 մենաստաններու մէջ եւ 1594 կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են Ս. Երկրի եկեղեցւոյ ծխական կեանքի։
Նուիրեալ կեանքի տարին հռչակուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն եւ սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ 20 Նոյեմբեր 2014-ին եւ պիտի եզրափակուի 2 Փետրուար 2016-ին։
Ս. Երկրի ընդհանուր միաբանութիւններու նամակը կ'ուզէ ըլլալ բարեպատեհ առիթ մը վերադառնալու ընդհանուր ծխական կեանքի ծրագրին վաւերացուած ու ստորագրուած կաթողիկէ եկեղեցիներու թեմական սիւնհոդոսէ որ գումարուած էր 2000-ին մեծ յոբելեան տարւոյն ընթացքին։
Նամակը կը ներփակէ նաեւ նախաձեռնութիւններու ճոխ յայտագիր մը լաւագոյնս ապրելու անձինք նուիրեալներու տարին մասնակցելով ու ոգեւորելով թեմական կեանքը, մշակելով ու վկայութիւն տալով կրօնաւորական կեանքին ու ցոլացնելով մեր անվերապահ նուիրումը Աստուծոյ։
Նամակը կեզրափակուի հրաւիրելով կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները միասնաբար գործելու այս հողի բնակիչներու, մարդկային ու հոգեւոր լաւագոյն կեանքի մը ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.