2014-11-11 09:51:42

Դարձի գալ գործով եւ ոչ թէ խօսքերով


RealAudioMP3 «Յովհաննէս եկաւ ձեզի արդարութեան ճանապարհով
եւ դուք չհաւատացիք անոր բայց մաքսաւորները եւ պոռնիկները հաւատացին:
Դուք տեսաք, սակայն զղջումի չեկաք, որպէսզի հաւատայիք անոր»
(Մատթ 21, 32)

Շատերը կը յայտարարեն իրենց հաւատքի բարումը եւ իրենց կեցուածքը Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ մօտեցումին ձեւը եւ կապուելու չափանիշը:
Կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ ուր մարդս այլեւս երկրորդական կը նկատէ հաւատքը, Եկեղեցին եւ նոյնիսկ Ատուած: Դժբախտու-թիւնը կը գտնենք այն մարդոց քով որոնք ժամանակի մը համար ապրեցան լիուլի ձեւով իրենց հաւատքը եւ սակայն պարագաներու բերմամբ բոլորովին հեռացան ճշմարիտ լոյսէն:
Քրիստոսի խօսքը մեր քայլերուն խօսքն է, մեր ճանապարհին լապտերը: Երբեմն ալ մտա-ծելով մեր կեանքին չարչարանքներուն, կը մոռ-նանք պահել մեր ճշգրիտ որոշումները շարունակելու ու Աստուծոյ շնորհքը պահելու եւ վայելելու համար անոր հարստութիւնը յաճախ անբարիշտ պատւէրները թակարդին մէջ կը դնեն մեզ, Աստուծոյ նախանձնախնդրութիւնները պէտք են աւանդ մնալ մեզի, եւ մեր սրտերը պէտք են հակիլ Աsտուծոյ պատուիրանները գործադրելու որովհետեւ մեր ապաստանն ու վահանն է...
Որպէս կաթողիկէ հաւատացեալ, պարտական ենք երեսապաշտութենէն հեռանալ, եւ մեր արտասանած Այոն միայն խօսքով չըլլայ այլ յիրակոչուած գործնականին մէջ:
Ի՞նչ վիճակի մէջ կ'ըլլանք երբ խորհուրդ մը ստանանք՝ ինչպէս դրոշմ ամուսնութեան, պզտիկի մը մկրտութիւն... արդե՞օք կը զգանք բարումը Աստուծոյ հետ մեր կեանքին բոլոր օրերուն համար:
Երբ փորձանքի մէջ իյնանք, ի՞նչ կ'ըլլայ մեր ադրադարձը: Կը պայքարինք Աստուծոյ դէմ կամ կ'երթանք ուրիշ ուղղութիւններով ինչպէս եօկան կամ հոգեբուժի մը երթալ, եւ կամ աստղաբանի մը խորհուրդը առնել... ի՞նչ պիտի ըլլլայ մեր պատասխանը երբ մեր զաւակը մեզմէ խնդրէ իր առաքելական դաշտին մէջ մտնելու: Մենք պիտի նախընրէինք անշուշտ պատրաստելու մեր զաւակը ուրիշ մարզի մը մէջ մտնելու ինչպէս բժշկութիւնը, եւ կամ ալ ըսելու թէ կանուխ է իրեն համար քանի որ դեռ երիտասարդ է: Ո՞վ պիտի զբաղի ուրեմն Աստուծոյ Այգիով...
Մեր Այո-ն երբեք ստացական չէ, ոչ ալ վերջանական չէ որքանով որ կեանքը երկար ըլլայ այս աշխարհիս վրայ: Մեր այո-ն պէտք է ամէն օր նորոգել եւ ապրելու ենք այս Այո-ն գործով եւ խօսքով, որովհետեւ եթէ այդպէս չըլլար ոչ-ի կը վերածուի: Մեր կեանքին ոչ-ը հոգին կը նետէ խաւարին մէջ եւ սակայն ասոր մէջ լոյսի պակասը կ'արթնցնէ: Ասոր մէջ ամէնաէականն է ինքզինքնիս դարձի մէջ գտնուիլ, ընդունիլ եւ ձուլուիլ Աստուծոյ կանքին լոյսին մէջ:
Յիսուս եկաւ Աստուծոյ Արքայութիւնը աւետելու, այսինքն գործնականին մէջ դնելու կանոնագէտին կամքը եւ ասոր համար ան յաճախ կը կրկնէր թէ այս թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ: Օրէնքը եւ տաճառը Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն շիներ: Աշխարհիս դատաստանը իր մէջ կը ծածկէ խստասրտութիւնը մարդուն Աստուծոյ հանդէպ: Այս արքայութեան պատկանելիութիւնը չի վերածուիր ձեւական կապի մը, բայց կը յեղաշրջէ մարդուն կեանքի խորունկը, այսինքն կը պահանջէ մեզմէ հոգեւոր միութիւն մը Աստուծոյ կամքին եւ սիրոյն: Այս վիճակն է բոլորիս, որպէս հաւատացեալներ, մեղաւորներ եւ նոյնիսկ անհաւատներ...
Արդե՞օք մենք կրնանք համապատասխանել Աստուծոյ կոչին եւ մանաւանդ մեզի տուած մտերմիկ գաղափառներուն: Միմիայն հաւատքով եւ գործնական կերպով կրնանք յաջողիլ մեր քրիստոնէութիւնը:
Ո՜վ Յիսուս, Դուն եկար ինծի հետ հաշտուե-լու եւ ոչ թէ զիս դատելու, նոյնիսկ մեռար Խաչին վրայ ինծի համար: Օգնէ իմ կարծր սիրտս որպէսզի զիս բարի դարձնէ եւ հաւատամ որ դուն ես իմ փրկութիւնը: Դուն ես մեր կեանքը, ճշմարտութիւնը եւ բարի ճանապարհը: Եկուր ազատէ զիս անձնասիրութենէս եւ անվստահութենէս: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.