Նոյեմբեր 11-ին աշխարհի մէջ կը նշուի ուժանիւթի խնայողութեան միջազգային օրը: Օրուան
հիմնական նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման եւ ուժանիւթի
վերականգնուող աղբիւրներու զարգացման: Օրը հիմնադրուած է “Աղբիւրներու եւ ուժանիւթի
օգտագործման դպրոցական նախագիծ”-ի (SPARE) նախաձեռնութեամբ: Այդ մասին որոշումը ընդունուած
է 2008 թուականի Ապրիլին` Ղազախիստանի SPARE համակարգողներու միջազգային խորհրդաժողովի
ժամանակ, որուն միացած են աշխարհի շարք մը երկիրներ: Ուժանիւթի տնտեսումը թոյլ կու
տայ նուազեցնել շրջակայ միջավայրի աղտոտումը: Բոլոր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան ուժանիւթի
խնայողութեան վերաբերեալ իրազեկման ձեռնարկներ: Որպէս ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներ
կրնան ըլլալ արեւային, հողմային, ջրածնային, ինչպէս նաեւ փոքր ՀԵկ-երու ուժանիւթը եւ
պիոկազը: