2014-11-10 12:48:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 10 նոյեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 10 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ ընդունեց Կանայի Հանրապետութեան նախագահ Տիար` Ժոն Տրամանի Մահաման, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Սրբազան Հայր ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Սենեկալի, Քափովերտէի, Մաուրիթանիայի եւ Կինէա Պիսաուի եպիսկոպոսներուն որոնք 10-15 նոյեմբեր Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իսկ ժամը 12.15-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Լանտ Ռէնանիա – Փալաթինաթոյի վարչապետ - նախագահ Տիկ Մալու Տրէյերը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը, որոնք ապա հանդիպում ունեցան նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարդինալ Փարոլինին հետ։

Սենեկալի, Քափովերտէի, Մաուրիթանիայի եւ Կինէա Պիսաուի եպիսկոպոսներուն յանձնած ճառին մէջ, Ֆրաչիկսոս Պապը յայտնեց թէ իրենց այս ուխտագնացութիւնը առիթ մըն է ամրապնդելու եղբայրական հաղորդութիւնը ընդմէջ իւրայատուկ եկեղեցիներուն եւ Հրոմի ու անոր եպիսկոպոսին։ Ան ապա մատնանշեց Եպիսկոպոսին պարտականութիւններուն եւ համահաւաք դասի միասնական ներգործութեան, մասնաւորապէս անդրադառնալով այս չորս երկիրներու աշխարհագրական, մշակութային ու պատմական տարբերութիւններուն։
Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը ընդգծեց եպիսկոպոսներուն միասնականութեան վկայութեան կարեւորութիւնը ու քաջալերեց զանոնք յարատեւել համագործակցութեան ուղիով։
Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց աշխարհականներու դերին ու անոնց պատշաճ կազմաւորումի կարեւորութեան, որպէսզի – ըսաւ Ան – իրենց կարգին դառնան Քրիստոսի վկաները իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց ''ընտանիքի'' հանդէպ յատուկ ուշադրութիւնը` որ է ընկերութեան հիմնական բջիջը։ Ան ապա անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Քահանաներու եւ քահանայութեան թեկնածուներու կազմաւորումը ըլլայ հոգեւոր, ըլլայ մտային, ըլլայ հասարակական եւ ըլլայ հովուական մարզերէն ներս։
Եպիսկոպոսներուն յանձնած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց յարատեւել միջկրօնական երկխօսութեան ուղիով մաղթելով որ այն ըլլայ կառուցողական։ Ան ապա թելադրեց Եպիսկոպոսներուն սատարել իրենց երկիրներու ընկերային կեանքի բարգաւաճումին, զարգացնելով խաղաղութեան, հաշտութեան եի համերաշխութեան մշկոյթը ու կապ հաստատել երկրի քաղաքական եւ ընկերային իշխանութիւններուն հետ։
Սիրեցեալ եղբայրներ – յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին - ձեր եկեղեցիներէն ոմանք փոքրիկ եւ դիւրաբեկ են, բայց եւ այնպէս քաջ եւ վեհանձն են։ Փառք կը մատուցանեմ Աստուծոյ այն բոլոր սքանչելիքներուն որ իրագործելի դարձուց ձեր միջոցաւ ու ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր աւետարանիչ առաքելութեան համար։
Ձեզի, ձեր քահանաներուն, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներուն ու նաեւ բոլոր աշխարական հաւատացեալներուն վրայ կը հայցեմ Աստուածամօր հովանին ու ձեզի բոլորիդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս - եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.