2014-11-10 09:52:58

Սենեկալի, Քափովերտէի, Մաուրիթանիայի եւ Կինէա Պիսաուի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները ս. Պետրոսի յաջորդին։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) 10-15 նոյեմբեր, Սենեկալի, Քափովերտէի, Մաուրիթանիայի եւ Կինէա Պիսաուի եպիսկոպոսները Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Իրենց կեցութեան ընթացքին, եպիսկոպոսները ապա կը հանդիպին Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ։
Կաթողիկէ Եկեղեցին վերոնշեալ երկիրներուն մէջ ներկայ է եւ կը սատարէ երկիրն բարգաւաճումին ի խնդիր։

Սենեկալը ունի 196.722 քմ քառակուսի տարածք եւ 13.567,338 բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը (90%) Սիւննի մահմետականներ են, մինչ Կաթողիկեները կը հաշուեն բնակչութեան 5.3 առ հարիւրը։
Մաուրիթանիան ունի 1.030,700 քմ քառակուսի տարածք եւ 3.622,961 բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը մահմետական է եւ միային 4 հազարը կաթողիկէ։
Կինէա Պիսաու հանրապետութիւնը ունի 36.125 քմ քառակուսի տարածք եւ 1.579,632 բնակչութիւն որուն 12 առ հարիւրը կաթողիկէ են, իսկ Քափովերտէն ունի 4.014 քմ քառակուսի տարածք եւ 566 հազար բնակչութիւն, որուն հարկաւոր է աւելցնել սփիւռքի մէջ ապրող 1.5 միլիոն քափովերտեանցիներ։ Բնակչութեան 93 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Այս չորս երկիրներու եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Պէնժամին Նտիաէն։ Համահաւաք դասը ունի մէկ աւագ թեմ` Տաքարի թեմը եւ 11 աթոռանիստ թեմեր հետեւեալ բաժանումով `6 թեմեր Սենեկալի մէջ, 1 թեմ Մաուրիթանիայի մէջ, երկու թեմեր Կինէա Պիսսաուի մէջ եւ երկու թեմեր Քափովերտէի մէջ։
Կաթողիկէ եկեղեցին յանձնառու է ''միջկրօնական երկխօսութեան'' ուղիով տրուած ըլլալով որ վերոյիշեալ երկիրներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի իսլամ կրօնքին եւ այս առընչութեամբն Եկեղեցին կարեւոր կը նկատէ աշխարհականներուն դերը ու ճիգ կը դափէ անոնց պատշաճ կազմաւորում ապահովել։ Եպիսկոպոսները ապա կ՛աշխատին զարգացնելու խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը օգտագործելով նաեւ ընկերային հաղորդամիջոցները։









All the contents on this site are copyrighted ©.