2014-11-10 13:47:15

Հաղորդագրութիւն Կանայի Նախագահին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի տուած այցելութեան մասին։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (10 նոյեմբեր 2014) ,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Կանայի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Տրամանի Մահաման որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթին։
Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Կանայի Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, մատնանշելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարին` ընկերային, դաստիարակչական եւ առողջապահական ասպարէզներէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակութիւնը ի սպաս երկխօսութեան` ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ։ Ակնարկուեցաւ նաեւ ընտանիքի բարիքը զարգացնելու հարցին։
Ի վերջոյ զրոյցները յանգեցան միջազգային մի քանի հարցերու շուրջ, յատկապէս Արեւմտեան Ափրիկէն վերջերս հարուածող Էպոլա համաճարակէն յառաջացած մարդկայնական տագնապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.