2014-11-10 08:22:09

Կաթալոնիոյ անկախութեան կողմ է քուէարկողներուն աւելի քան 80%-ը


Սպանիոյ Կաթալոնիա նահանգի անկախութեան խորհրդանշական հարցում–հանրաքուէի ընթացքին երէկ կողմ արտայայտուած է մասնակիցներուն աւելի քան 80 տոկոսը:
Ըստ Tert.am-ի, որ կը վկայակոչէ ԻԹԱՌ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, հաշուարկուած են քուէաթերթիկներու 88.4 տոկոսը:
Հարցաթերթիկին մէջ երկու հարց եղած է. «Կը ցանկանա՞ք, որ Կաթալոնիան պետութիւն դառնայ” եւ, դրական պատասխանի պարագային եւս մէկ հաստատող հարց. «Կը ցանկանա՞ք արդեօք, որ այդ պետութիւնը անկախ ըլլայ”: Երկու հարցերուն ալ հնարաւոր եղած է պատասխանել միայն “այո” կամ “ոչ”:
Հարցումին դրական պատասխան տուած են քուէարկածներուն 80.72 տոկոսը կամ 1 միլիոն 649 հազար մարդ: Սեփական պետութեան ստեղծման՝ առանց Սպանիոյ կազմէն դուրս գալու՝ դրական պատասխանն տուած է 10.11 տոկոսը կամ 260 հազար մարդ:
Նահանգի առկայ կարգավիճակին կողմ արտայայտուած է 4.55 տոկոսը կամ 93 հազար մարդ:
Նահանգապետ Արթուր Մաս գոհ է արդիւնքներէն եւ կեդրոնական կառավարութեան կոչ ըրած է վերջնական, պաշտօնական հանրաքուէ իրականացնել անկախութեան մասին:
Երեկ տեղի ունեցած այս քուէարկութիւնը պաշտօնական բնոյթ չէ կրած:








All the contents on this site are copyrighted ©.