2014-11-09 12:23:19

''Աշխարհը պէտք ունի կամուրջներու եւ ոչ թէ պատերու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, 8 նոյեմբերին արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, վերյիշելով Պերլինի պատի փլուզումի 25 ամեակը։


(Ռ.Վ. 9 նոյեմբեր 2014) Կիրակի` 8 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ ակնարկեց ` Հռոմի աթոռանիստ եկեղեցի` Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի օծման տարեդարձին։ Լատերանի Պազիլիքան նկատուած է որպէս բոլոր եկեղեցիներու Մայրը – ըսաւ Քահանայապետը – բացայայտելով թէ անոր մայրութիւնը կը կայանայ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան մէջ որ եկեղեցւոյ մէջ կը յայտնուի, եւ Հռոմի եպիսկոպոսին առաքելութեան միջոցաւ պտղատու կը դարձնէ բոլոր հասարակութիւնները որոնք միութեամբ կ՛ապրին, եպիսկոպոսին գլխաւորած Եկեղեցւոյ հետ։
Այս միութիւնը ունի տիեզերական ընտանիքի հանգամանք եւ այնպէս ինչպէս ընտանիքի մը մէջ կայ մայրը այսպէս ալ Լատերանի Պազիլիքան կը հանդիսանայ Մայր բոլոր եկեղեցիներուն եւ աշխարհի կաթողիկէ բոլոր համայնքներուն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց թէ ''Մկրտութեան շնորհքի միջոցաւ ամէն քրիստոնեայ մաս կը կազմէ եկեղեցւոյ որուն պարտականութիւնն է դաւանիլ Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ որդոյն ու մարդոց փրկիչին մէջ հաւատքը որ կը գործէ սիրոյ միջոցաւ։
Այսօր եւս Եկեղեցին որ արմատացած է Քրիստոսի մէջ կանչուած է խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ դաւանիլ անոր հանդէպ հաւատքը, վկայելով սէրը – շեշտեց Քահանայապետը եւ ապա խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզ դառնալու Աստուծոյ բնակարաններ ու Անոր կենդանի սիրոյ տաճարներ։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալներուն նշելով թէ 25 տարիներ առաջ, 9 նոյեմբեր 1989-ին Պերլինի Պատը կը փլուզուէր, շատ մը անձերու երկար ու դժուար պայքարներու հետեւանքով, որոնք նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհեցին։ Ասոնց միջեւ յատուկ դերակատարութիւն ունեցաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ''աղօթել որպէսզի Տիրոջ օգնութեամբ եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց համագործակցութեամբ, միշտ աւելիով տարածուի հանդիպումի մշակոյթը, որ կարող է տապալել պատերը որ տակաւին աշխարհը կը բաժնեն եւ որպէսզի երբեք չպատահի որ անմեղ մարդիկ հալածուին ու սպաննուին իրենց հաւատքի եւ իրենց կրօնի պատճառաւ։ Աշխարհը պէտք ունի կամուրջներու եւ ոչ թէ պատերու հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ողջունելէ ետք հրապարակը գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները բոլորին մաղթեց բարի Կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.