2014-11-08 09:06:38

Ս. Երկրի պահակ ֆրանչիսկեան հայր Փիցապալլա կը խնդրէ յարգել Երուսաղէմի կարգավիճակը։


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) Իսրայէլեան ու պաղեստինեան ոյժերու բուռն բախումներուն ի տես, Ս. Երկրի պահակ` ֆրանչիսկեան հայր Փիցապալլա կը խնդրէ յարգել Երուսաղէմի քաղաքական կարգավիճակը։
Երուսաղէմի պատրիարքները եւս միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրատարակած են որուն մէջ կը յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը ու կը պահանջեն ս. Երկրի կարգավիճակին յարգանքը։
Երուսաղէմի ս. վայրերը շատ կարեւոր են միաստուածեան երեք կրօններուն համար, որովհետեւ այդ հողերը սերտ կապակցութիւն ունին Յայտնութեան պատմութեան հետ։ Առանց վայրի դէպքը` Յայտնութիւնը արժէք չունի, հետեւաբար բնաբանել այդ վայրերը կը նշանակէ մերժել այդ հաւատացեալներու ինքնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.