2014-11-08 09:34:07

Կրօնաւորական երեք ուխտերը


RealAudioMP3 Կրօնաւորական ուխտերը Եկեղեցւոյ կողմէն հաստատուած եւ որեւէ միաբանութեան մէջ կատարուած աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան երեք ուխտերն են:
Այս երեք ուխտերը կը կազմեն կրօնաւորական վիճակի էութիւնը, որ գիտենք թէ եկեղեցւոյ կողէ հաստատուած հաստատուն եւ տեւական կեանքի տեսակ մըն է, ուր հաւատացեալները կը պարտաւորեն դիմելու կատարելութեան` աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան երեք ուխտերու միջոցով. Ուխտեր` տրուած միաբանութեան կամ կրօնքի սահմանադրութիւններուն համաձայն:
Երեք ուխտերը կը կազմեն անհրաժեշտ տարրը կատարելութեան կեանքի, որուն պիտի ձգտին կրօնաւորները:
Հաւատացեալները նաեւ կրնան ձգտիլ կատարելութեան` առանց այդ ուխտերու. բայց անոնց ձգտումը կրնայ տեւական եւ հաստատուն չըլլալ եւ կրնայ դառնալ պարզապէս պատուիրաններու պահպանում:
Ընդհակառակը` կրօնաւորները հաստատուած են այդ ճանապարհի մէջ եւ չեն կրնար այդ ճանապարհէն ետ դառնալ առանց ծանր կերպով մեղանչելու:
Այս ուխտերը իրենց էութեան մէջ բոլոր կրօնքներուն մէջ մոեւնոյնն: Կրօնաւորական վիճակի միակ եւ կարեւոր կապը ուխտերն են, առանց անոնց անկարելի է պատկերացնել կրօնաւորական որեւէ միութիւն:
Ուխտերը որպէս նպատակ ունին Աստուած, որով իրենք իրենց մէջ սուրբ են. Նաեւ պարզ խրատներ ըլլալով, բարձրագոյնն են եւ մարդուս կը պարտաւորեցնեն մշտատեւ կերպով, ինչ որ անհրաժեշտ է կատարելութեան համար, որովհետեւ ամբողջ կեանքի հետ կապուած են:
Ուխտերը մեր վրայ պարտքը կը դնեն մինչեւ ցկեանս: Ասոր համար` ուխտերը ոչ միայն կարեւոր են վիճակին համար, այլ իրենք են, որ կրօնաւորական վիճակը կը սրբացնեն, որովհետեւ կրօնաւորական կեաքի բոլոր գործերը ուխտերը կը դառնան ուղղուած առ Աստուած եւ Աստուծոյ ընծայուած, որ սրբութեան հիմքն է:
Ուխտերու գերազանցութիւնը կատարեալ նուիրումին մէջն է, որովհետեւ անոնք կրօնաւորական կեանքը կ՛ազատեն աշխարհի փոփոխական դէպքերէն, տկարութիւններէն, խեղճութիպններէն եւ թուլութեան անկումներէն:
Ուխտերը գերազանց են, որով անձերը անխզելի կերպով կը կապէ ճշմարտութեան, արդարութեան սրբութեան եւ սիրոյ հետ:
Կրօնաւորական ուխստերը կը բաժնուին գլխաւորապէս երկուքի. հանդիսաւոր եւ պարզ:
Հանդիսաւոր ըսելով, չի հասկցուիր արտաքին հանդիսաւորութեամբ կատարուած ուխտեր, այլ կը նշանակէ աւելի ներքին բան մը. Հանդիսաւոր ուխտ կատարողները չեն կրնան ուխտին հակառակ որեւէ վաւերական գործ կատարել:
Իսկ պարզ ուխտ կատարողները եթէ ուխտերու հակառակ որեւէ գործ ընեն, գործը օրինաւոր չէ, բայց անվաւեր ալ չէ:
Այս տարբերութիւնը եկեղեցւոյ սահմանածին համեմատ է:
Հանդիսաւոր ուխտ ունեցող միաբանութիւնները կը կրեն կրօնաւորական կարգ անունը. մինչդեռ պարզ ուխ ունեցողները` կրօնաւորական միաբանութիւն:
Հանդիսաւոր ուխտերը միշտ մշտնջենաւոր են, որ մարդս ցկեանս կը պահեն: Իսկ պարզ ուխտերը կրնան ըլլալ մշտնջենաւոր եւ կամ ժամանակաւոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.