2014-11-07 14:06:24

Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամը պիտի օգնէ Սուրիահայերուն


Նոյեմբեր 5-ին Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը լրացուցիչ 40 հազար եւրոյի օգնութիւն փոխանցած է Սուրիոյ հայութեան: Այն հաւաքուած է նուիրատուութիւններու արդիւնքով, որուն մասին կոչ ուղղուած էր Յունիս 19-ին:
Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը` վկայակոչելով «Nouvelles d’Armռnie»-ն: Բացի այդ, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով Սուրիոյ հայ համայնքներուն արդէն 250 հազար եւրօ փոխանցած է:
Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը կը ծրագրէ Սուրիոյ հայերուն համար աւելի շատ օգնութիւն հաւաքել հեռախօսամարաթօնի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 19-23 Մարսէլի, Լիոնի, Թուլուզի եւ Փարիզի մէջ:
Սուրիոյ մէջ պատերազմի եւ ճիհատականներու աւերիչ գործողութիւններու հետեւանքով Հալէպ ու Քեսապ քաղաքներու հայ համայնքներն անյապաղ օգնութեան կարիքը ունին, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց դպրոցները, հաստատութիւններն ու սոցիալ-բժշկական ենթակառուցուածքները







All the contents on this site are copyrighted ©.