2014-11-07 13:04:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 7 նոյեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) Ուրբաթ, 7 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարդինալ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ու ապա Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին` Հռոմի թեմի Քահանայապետի ընդհանուր փոխանորդ արքեպիսկոպոսը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ֆոքոլարինի շարժումի բարեկամ'' քառասուն եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին համամիութենական համագումարին մը ապս Քլեմեթինա սրահին մէջ ընդունեց Իտալիոյ կրօնական աւագ միաբանութիւններու մեծաւորները որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց տարեկան ժողովը։
Մինչ յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց իրեն մտերիմ ու բարեկամ Կարդինալ` Քլաուտիօ Հիւմէս` Կղերի Ժողովի երբեմնի կառավարիչը եւ Պրազիլի ու Ամազոնեան շրջանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի պատգամաւոր։
Իտալիոյ կրօնական աւագ միաբանութիւններու մեծաւորներուն ուղղած բարի գալուստի ողջոյնի խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ կրօնաւորական կեանքի կարեւորութեան վրայ մեկնելով Ղուկասի աւետարանէն քաղուած հատուածէն` ''Եթէ մէկը չի հրաժարիր իր բոլոր ինչքերէն, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ''։
Այս արմատականութիւնը իր բոլոր ձեւերով պահանջուած է ամէն քրիստոնեայէն ու մենք կրօնաւորներս կանչուած ենք մարգարէական վկայութիւն մը տալու այս մասին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Աւետարանական կեանքի վկայութիւնն է որ կը յատկանշէ առաքեալ աշակերտը ու յատկապէս այն անձը որ Տիրոջ կը հետեւի կրօնաւորական կեանքը ընտրելով'', Ան ապա ընդգծեց` թէ ''իսկական մարգարէութիւնը երբեք գաղափարաբանական չէ եւ նորոյթներուն չի հետեւիր, այլ` Աւետարանի համաձայն, հակասական նշան մըն է։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մատնանշեց թէ մարդոց ծառայութեամբ ապրիլը կ՛ակնկալէ ապաշխարութիւն, աղօթք, երկրպագութիւն եւ պատմութեան արուարձաններու մէջ ապրող Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բաժնեկցութիւն։ Որեւէ մէկ խարիզմ պտղատու ըլլալու համար պէտք է ապակեդրոնանայ որպէսզի կեդրոնը մնայ միշտ ու միայն Յիսուս Քրիստոսը։
Խարիզմը պէտք չէ պահպանուի բիւրեղ ջուրի շիշի մը մէջ, այլ պէտք է բերրի դառնայ ու համեմատուի ներկայ իրականութեան, մշակոյթներուն եւ պատմութեան հետ։
Կրօնաւորական կեանքը կանչուած է այսօր յստակ նշան մը տալու` այն է եղբայրութեան կեանքի վկայութիւնը։Ներկայ մշակոյթին մէջ կը գերիշխէ անհատականութիւնը։ Մշակոյթ մը որ քայքայէ ընկերութիւնը սկսեալ անոր հիմնական բջիջէն որ է ընտանիքը։ Կրօնաւորական կեանքը կարող է օգնել Եկեղեցւոյ ու համայն ընկերութեան վկայելով եղբայրութիւնը` որ է ապրիլ միասին որպէս եղբայրներ հակառակ տարբերութիւններուն։ Եղբայրութիւն մը որ կ՛ենթադրէ Աստուծոյ Հայրութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ու Աստուածամօր Մայրութիւնը։ ''Եթէ մեր կեանքը կը գտնուի այս հիմնական յարաբերութիւններու մէջ, այն ժամանակ կարող կ՛ըլլանք իրականացնել ճշմարիտ եղբայրութիւն մը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառին աւարտին ու ապա քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց ճանապարհով, անոնց ու իրենց հասարակութիւններուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.