2014-11-07 09:19:38

Կլենտելի մէջ պիտի Կառուցուի Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ներկայացնող թանգարան եւ ցեղասպանութեան յուշարձան


Կլենտելի քաղաական խորհուրդի անդամները Նոյեմբեր 4-ի նիստին Բացառիկ բանակցային համաձայնագիր կնքեցին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին հետ, ըստ որուն՝ Կլենտելի մէջ պիտի կառուցուի հայ-ամերիկեան թանգարան, կրթական-մշակութային կեդրոն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը:

Ըստ համաձայնագիրին՝ Կլենտելի քաղաքապետարանը եւ համալիրի նախագիծը հեղինակած Հարիւրամեակի յանձնախումբը պիտի սկսին բանակցիլ Կլենտելի «Սիվիք Աուտիթորիում»-ի եւ Հանրային քոլէճի մօտ գտնուող 1.7 ակր տարածքին կեդրոնի կառուցման մանրամասնութիւններուն շուրջ:

«Այսօր պատմական օր է, քանզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, մեզի հնարաւորութիւն կը տրուի Կլենտելի մէջ ստեղծել հաստատութիւն մը, որ ամերիկացի ժողովուրդին պիտի ներկայացնէ հայոց պատմութիւնը, որուն մէկ մասը կը կազմէ Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ՝ կրթական կեդրոն, ուր բոլորին հնարաւորութիւն պիտի տրուի ծանօթանալ մեր ազգին աւելի մանրամասն, նաեւ՝ տեղեկանալ մարդկութեան դէմ գործուած ամենամեծ յանցագործութիւններէն մէկուն եւ վերապրածներուն՝ ԱՄՆ օգնութեան մասին»,-նշած է յանձնախումբի անդամ Պերճ Կարապետեանը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբը, որու մաս կը կազմեն հայ համայնքը ներկայացնող 18 կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, Հայ Առաքելական եկեղեցին, Կլենտելի քաղաքապետարան ներկայացուցած էր թանգարանի եւ յուշարձանի կառուցման նախագիծ մը՝ ակնկալելով վարձակալութեամբ հողատարածք եւ կառոյցի թոյլտուութիւն:
Քալիֆորնիոյ մէջ կան բազմաթիւ էթնիկ խումբերու պատկանող թանգարաններ եւ մշակութային կեդրոններ, ինչպէս՝ բնիկ ամերիկացիներու, ամերիկա-չինական, ամերիկա-իտալական եւ այլ, որոնք նաեւ կը ներկայացնեն նահանգի մշակութային բազմազանութիւնը: «Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ կրթական կեդրոն ունենալը չափազանց կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ամերիկացի ժողովուրդին առաւել հանգամանալից կը ներկայացուի Քալիֆորնիոյ մէջ նշանակալի թիւ կազմող եւ մեծ ներդրում ունեցող հայ համայնքի մասին առաւել մանրամասն»,- քաղխորհուդի անդամներուն եւ նիստին ներկայ հանրութեան նախագիծը ներկայացնելով յայտնած է հարիւրամեակի յանձնախումբի համանախագահ Թալին Եագուպեանը:

Կլենտելի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան ալ յայտարարած է, որ հաստատութիւնը հայ համայնքին նուէրը պիտի ըլլայ քաղաքին, ընդգծելով կրթական կեդրոնի կարեւորութիւնը: Քաղխորհուրդի անդամները եւս շեշտեցին նման թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի մը անհրաժեշտութիւնը Կլենտելի կեանքին մէջ՝ յորդորելով հանրութեան աշխոյժօրէն մասնակցիլ եւ նիւթապէս աջակցել կեդրոնի կառուցումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.