2014-11-07 08:34:34

Կարդինալ Սքոլա բացումը կը կատարէ Հռոմի Լատերանեան համալսարանի ակադեմիական տարւոյն։


(Ռ.Վ. 7 նոյեմբեր 2014) Համալսարանը նման է մեծ ընտանիքի մը, ուր կը դասաւանդի ու կը սորվեցուի ոչ միայն գիտելիքներ, այլ եւ կեանքի դասեր, այդ ոգիով ու տրամադրութեամբ կարդինալ Սքոլա բացումը կատարեց Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի 2014-2015 ակադեմիական տարւոյն։
Կարելի չէ մտայղանալ փնտռտուքը, դասաւանդումը եւ սերտողութիւնը առանց այն անհատէն որ փնտռտուք կը կատարէ, կը դասաւանդէ եւ կը սորվի։ Հետեւաբար համալսարանը կազմող երեք տարրերը (ուսանողները, դասախօսներն ու անձնակազմը) կարելի չէ իրարմէ բաժնել, անոնք կանչուած են ապրիլ եղբայրութեան ոգիով։ Լատերանեան քահանայապետական համալսարանը կը յաճախեն 120-130 երկիրներէ եկած ուսանողներ եւ դասախօսներ։ Անոնք քրիստոնէութեան կեդրոնը կու գան իրենց հետ բերելով իրենց զգայնութիւնները ու երբ իրենց հայրենիքը կը վերադառնան իրենց հետ կը տանին ապրած փորձառութիւնը` եղբայրակցութեան, զօրակցութեան ու չափաւորութեան, ինչպէս նաեւ իւրացումը մարդկային ու քրիստոնէական ամենահարազատ արժէքներու։
Յայտնենք որ կարդինալ Սքոլա եղած է Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի բեկտորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.