2014-11-07 09:26:32

Ծնողաց պատուել


RealAudioMP3 Ի՞նչ կը նշանակէ« պատուէ» բառը: Մէկը պատուել` կը նշանակէ անոր վրայ համարում ունենալ եւ կարեւորութիւն տալ ամէն բանի` որ իրեն կը վերաբերի: Այս պատիւը` կ՛ենթադրէ, անպայման, սէր, յարգանք, հնազանդութիւն, ծառայութիւն: Առանց պատճառի չէ որ Աստուած, այս Օրէնքը, կամ պատուէրը մեզի տալով, կը գործածէ պատուէ բառը, եւ ոչ թէ սիրէ կամ վախցիր: Որովհետեւ ան որ կը վախնայ, ինքն ալ անպայման չի պատուեր: Մինչդեռ ան` որ սրտանց կը պատուէ, նովին գործով կ՛ունենայ նաեւ սէր եւ ակնածանք:
Պատուէ հայրդ ու մայրդ բառով, թէեւ օրէնքը կը մատնանշէ այն անձերը` որոնք մեզ ծնած են, սակայն հայր բառը կը յարմարի նաեւ ուրիշ անձերու, ինչպէս որ կ՛երեւի Ս. Գիրքի բազմաթիւ տեղիքներէն: Մեր բնական ծնողքէն զատ, Ս. Գիրքը մեզի կը յատկացնէ ուրիշ հայրեր, զորս պէտք է յատուկ կերպով յարգենք: Ասոնցմէ են` Եկեղեցւոյ պետերը, Հովիւները եւ քահանաները, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալ. « Ձեզի այս բաները չեմ գրեր` ձեզ ամչցնելու համար, այլ կը խրատեմ` իբրեւ ամենասիրելի զաւակներս: Նոյնիսկ եթէ տաս հազար դաստիարակ ունենաք` ի Յիսուս Քրիստոս, չէք կրնար ունենալ բազմաթիւ հայրեր, որովհետեւ ես ծնայ ձեզ` ի Յիսուս Քրիստոս, Ս. Աւետարանին միջոցաւ» (Բ. Կոր. դ 14)
Առակաց գիրգին մէջ կը կարդանք հետեւեալ խօսքը. «Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն: Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատը մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր. քանզի անոնք քու գլուխդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան» (Առ 1.7-9):
Հայր կը կոչուին նաեւ անոնք որ հրամանատարութիւն մը ունին, կամ ալ պաշտօն մը, իշխանութիւն մը. անոնք որ Պետութիւնը կը կառավարեն: Նէեման կոչուեցաւ` իր ծառաներուն հայրը:
Հայր կը կոչենք նաեւ այն անձերը` որոնց խնամքին, հաւատարմութեան, պարկեշտութեան եւ խոհեմութեան յանձնուած են ուրիշներ, օրինակ` խնամակալները, դաստիարակները, ուսուցիչները: Այսպէս Մարգարէներու զաւակները` Եղիան եւ Եղիսէն` իրենց հայրերը կոչեցին:
Հայր անունը կը տրուի նաեւ ծերերուն, զորս պէտք է յատուկ կերպով յարգենք:
Նոյնպէս պէտք է յարգենք բոլոր անձերը, որոնք մեզի նկատմամբ հայր կը կոչուին, բայց յատկապէս մեր ծնողները, որոնց մասին կը խօսի պատուիրանը, անմիջական կերպով: Անոնք կերպով մը, անմահ Աստուածը կը ներկայացնեն, մեզի համար: Անոնք մեզի կեանքը փոխանցած են: Անոնք մեզ պատրաստած են Խորհուրդները ընդունելու, մեզի կրօնքին մէջ մեծցուցած են, կազմած են մեր մէջ մարդը եւ քաղաքացին, մեզ մեծցուցած են քրիստոնէական մաքուր կեանքի մէջ:
Գալով «մայր » բառին, ան շատ իմաստուն կերպով գործածուած էայս պատուիրանին մէջ: Անով, Աստուած կ՛ուզէ մեզի յիշեցնել` բոլոր ծառայութիւնները եւ բարիքները զորս ստացած ենք մեր մայրերէն (գորովը որով մեզ կրած են, ցաւերը` զորս քաշած են ծեզ ծնանելու ատեն եւ կրթութիւնը զորս մեզի տուած են):
Առաջին Թագաւորութեանց Գիրգին մօր մասին շատ գեղեցիկ նկարագրութիւնեեր կը կարդանք. Մայրը (Ա. Թգ 1.1-28)
Իր անձը կ’ուրանայ (15):
Աստուծոյ հետ իր ունեցած յարաբերութեան մէջ կ’աճեցնէ իր զաւակը (20):
Աստուծոյ առջեւ իր պարտականութիւնը յանձն առած կը կերակրէ եւ հոգ կը տանի իր զաւակին (22):
Կ’արձակէ իր զաւակը՝ վստահելով Աստուծոյ (24):
Իր զաւակը իր ամենաթանկագին գանձն է, եւ իբրեւ այդպիսին զանիկա կը նուիրէ Աստուծոյ (26-28):







All the contents on this site are copyrighted ©.