2014-11-06 08:46:32

ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի աշնանային ժողովը Լուրտի մարերեան սրբավայրին մէջ` ամուսնութեան բառին յեղաշրջումը եւ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) Կարդինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամ մը ուղղած է ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն, որոնք ներկայիս իրենց աշնանային ժողովը կը գումարեն Լուրտի մարեմեան սրբավայրին մէջ։
Նշենք որ գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեանը որպէս ֆրանսայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ, կը մասնակցի վերոյիշեալ ժողովին։
Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը մաղթանք յայտնած էր որ եպիսկոպոսներու ժողովը սատարէ վառ պահելու ֆրանսայի եկեղեցւոյ միսիոնարական եռանդը։ Ան ապա քաջալերած էր զանոնք վեհանձնութեամբ շարունակելու նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք կը հալածուին ի շարս աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուող քրիստոնեաներուն։
Մարսիլիոյ առաջնորդը եւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Փոնդիէ իր բացման զեկոյցին մէջ խօսեցաւ ընտանիքի մասին, որակելով զայն որպէս ''հիմնական բջիջը ընկերութեան'' ու թելադրելով թէ ''այդ պատճառաւ պէտք ենք նեցուկ կանգնիլ անոր''։
Ընտանիքը, անհատապաշտ մշակոյթի հետեւանքով, այսօր դիւրաբեկ դարձած է - ըսաւ գերապայծառ Փոնդիէ ու ապա դրսեւորեց ֆրանսայի եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը ի տես Ուկրանիոյ պատերազմին, իսրայէլեան-պաղեստինեան զինեալ ընդհարումին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգութեան, յիշելով նաեւ հալածուած այլ փոքրամասնութիւնները։ Գերապայծառ Փոնդիէ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ֆրանսայի իսլամ համայնքին, որ հրապարակաւ ու բացայայտօրէն դատապարտեց իսլամ պետութեան գործած ոճրագործութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.