2014-11-06 13:52:55

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը ''Աւետարանական համաշխարհային ուխտի'' անդամներուն։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) Ընդունելով ''Աւետարանական համաշխարհային ուխտի'' մէկ պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներկաները ողջունեց Սուրբ Պօղոսի հետեւեալ խօսքերով` ''Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, որ ինքզինք զոհեց մեր մեղքերուն համար, որպէսզի մեզ ազատէ այս ներկայ չար աշխարհէն, կամքին համաձայն Աստուծոյ եւ մեր հօր'', ու ապա հրաւէր ուղղեց օգնելու Եկեղեցիին, որպէսզի միշտ աւելիով դառնայ Քրիստոսի մէջ եւ Քրիստոսին հետ, որպէս Տիրոջ պտղաբեր այգի մը, եւ որպէսզի ''բոլորս հասնինք հաւատքի միութեան եւ մեր լիութիւնը գտնենք Քրիստոսի մէջ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց թէ այս իրողութիւնը իր հիմը կը գտնէ ս. Մկրտութեան խորհուրդին մէջ, որուն միջոցաւ ամէնքս կը մասնակցինք Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեան պտուղներուն։ ''Մկրտութեան շնորհքի միջոցաւ մենք երկրային չափանիշը կ՛ապրինք Հռգւոյն զօրութեամբ'', ըսաւ Ֆրանչսկոս Պապը աւելցնելով թէ Մկրտութեան խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ թէ Տէրը միշտ մեր առջեւէն կը քալէ` իր սիրով եւ իր շնորհքներով։ Ան կը պատրաստէ Աւետարանը հռչակողներուն սրտերը ու սրտերն անոնց որոնք կ՛ընկալեն փրկութեան աւետարանի խօսքերը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց քրիստոնեաներու բաժանումներուն, եւ հասարակութիւններուն միջեւ հակառակութիւններուն եւ մրցակցութիւններուն որոնք արգելք կը հանդիսանան Տիրոջ պատուիրանի իրականացումին` բոլոր ազգերուն տանելու Աւետարանը։
Քրիստոնեաներու պատգամի արդիւնաւէտութիւնը աւելի վստահելի կը դառնայ երբ քրիստոնեաները գերազանցեն իրենց բաժանումները ու միասնաբար մատակարարեն սուրբ զոհը ու սերը վկայելով տարածեն Աստուծոյ Խօսքը։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ գոհունակութիւն յայտնեց ի տես շատ մը երկիրներուն մէջ Կաթողիկէներու եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ միջեւ կայացած համագործակցութեան ի տես, յոյս յայտնելով որ այս ընթացքը շարունակուի։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ Սուրբ Հոգւոյն հզօր շունչը մեզի պարգեւէ քաջութիւնը` յարատեւելու ու նաեւ փնտռելու աւետարանութեան նոր ուղիներ եւ նոր հանգրուան մը արձանագրուի կաթողիկէներու եւ աւետարանականներու միջեւ որ իրականացնէ Տիրոջ կամքը` Աւետարանը տանիլ աշխարհի ամէն կողմերը։ Ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս ու կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.