2014-11-06 09:44:05

Հարաւային Սուտանի մէջ ''Պախիդա'' ձայնասփիւռը դարձեալ սկսաւ իր գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 6 նոյեմբեր 2014) ''Հարաւային Սուտանի ''Պախիդա'' ռատիոկայանը վերսկսաւ լսելի ըլլալ'', յայտարարած է Էնրիքա Վալենթինի` վերոյիշեալ կաթողիկէ ռատիոյի տնօրէնուհին ։
Պախիդա ձայնասփիւռը կը պատկանի Ժուպայի արքեպիսկոպոսական թեմին։ Անցեալ օգոստոսին անվտանգութեան ազգային իշխանութիւնը փակել տուած էր զայն, որովհետեւ ռատիօն սկսած էր երկրին հայող քաղաքական լուրեր հաղորդել։ Իսկ մէկ նոյեմբերէն սկսեալ ռատիօ Պախիդա սկսած է լոկ կրօնական բնոյթ ունեցող հաղորդումներ սփռել։ Անցեալ հինգշաբթի օրըՀարաւային Սուտանի մայրաքաղաքի առաջնորդը մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնեց որ ռատիօ Պախիդան պիտի վերսկսի իր ձայնասփռումները, մաղթելով որ երկրի բոլոր կաթողիկէ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները` ռատիօներն ու մամուլը, շարունակեն սփռել ու գրել խաղաղութեան, հաշտութեան եւ յոյսի պատգամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.