2014-11-06 14:20:39

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Հայագէտներու արժանիքը

Հայկական Ձեռագրերու ցուցակագրման եւ յիշատակարաններու հրատարակութեան տաժանակիր աշխատանքը իրենց վրայ առած են հայ եւ օտար բանասէրներ։ Այս հաղորդաշարին մէջ չենք կրնար յիշատակել բոլորը։ Անդրադառնանք մի քանի վաստակաւոր բանասէրներու աշխատանքին։
Հ, Յակոբոս Տաշեան՝ միաբան Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան։ 1895ին կը հրատարակէ միաբանութեան մատենադարանի ձեռագրերու ցուցակին առաջին հատորը։ Այս աշխատանքը մինչեւ այսօր կը մնայ հայ ձեռագրերու ցուցակագրութեան կոթողային նուաճումը։ Տաշեան կազմած է նաեւ այլ ցուցակներ։
Հոս Հ. Յակոբոս Տաշեանէն կը մէջբերենք ցուցակագրութեան ձեռնարկի պատմութեան համար կարեւոր տեղեկութիւններ։ Հ. Տաշեան իր յառաջաբանին մէջ կը գրէ՝
''Զանազան երկիրներ ու տեղեր համբարուած եւ ցրիւ սփռուած հայերէն ձեռագրաց ընդհանուր ցուցակի մը անհրաժեշտութիւնը ինքնին յայտնի է ամէն բանասէրի։ Շատ ժամանակ չէ որ այսպիսի Մայր Ցուցակի մը հրատարակութեան սկիզբ ըրաւ Միաբանութիւնս եւ հրաւէր կարդաց ազգայիններու՝ աջակցիլ գործի յաջողութեան՝ նոյն ոճով հրատարակելով հետզհետէ նաեւ փոքր հաւաքածոներու ցուցակները։ Հրաւէրը անլսելի չմնաց եւ ձեռնարկութիւնը թէեւ քայլ առ քայլ՝ կը յառաջանայ։''
Ապա Հ. Տաշեան կը յիշէ Վիեննայի Կայսերական, Միւնխէնի Թագաւորական գրադարաններու ցուցակները ինչպէս նաեւ Սանքթ Պետերբուրգ, Հռոմ, Փարիզ, Պեռելին, Կեսարիա եւ այլուր գտնուած հաւաքածոներու ցուցագրման աշխատանքները։
Ապա կը շարունակէ Հ. Տաշեան՝ ''Ոչ շատ ժամանակէն՝ եթէ շարունակուի այս ընթացքով՝ պիտի ունենանք հայերէն ձեռագրերու ստուար թիւ մը մանրամասն ցուցակագրուած ... Հայ մատենագրութեամբ եւ անոր պատմութեամբ զբաղողին համար անհրաժեշտ է մեծ հաւաքածոներու վրայ լիուլի տեղեկութիւն ունենալ։''
Խօսելով իր ցուցակի մասին Տաշեան կը գրէ՝ ''Ցուցակս սկսուած է 1891ին, բայց հրատարակութիւնը յապաղել հարկ եղաւ՝ ըստ կարի ճոխագոյն ընելու համար թէ' հաւաքումը եւ թէ' ցուցակը, որ շատ աւելի ընդարձակ ծրագրով կազմուած է քան ''մայր ցուցակի'' միւս մասերը։'' Տաշեանի կոթողային աշխատանքի արդիւնքը վկան է իր այս առաջադրանքին։

Յիշատակութեան արժանի հայագէտ է Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանց, որ 1943-1951 եղած է Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Իր ազգանուէր գործունէութեան կողքին մեզի մեծ հմտութեամբ ձգած է գրական ժառանգութիւն։ Այս նիւթի առընչութեամբ յիշենք իր աշխատութիւններէն երկուքը։ 1913ին հրատարակած է ''Գրչութեան Արուեստը Հին Հայոց Մէջ'' եւ 1951ին՝ ''Յիշատակարանք Ձեռագրաց''։

Ակինեան Հ. Ներսէս, այլ մեծավաստակ բանասէր մըն է այս մարզին մէջ։ Եղած է միաբան Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան։ Հայ մատենագրութեան մեծապէս հմուտ՝ կազմած է ձեռագրերու ցուցակներ եւ ունի անտիպ մնացած յիշատակարաններու մեծ հաւաքածոյ մը։ Մինչեւ 1928 թուական, ուր Սովետական Հայաստանէն վտարուած է՝ կազմած է Էջմիածնի հաւաքածոյի մէկ մասի ցուցակը, որ բռնագրաւուած է եւ մնացած է անտիպ։ Էջմիածնի ձեռագրերը աւելի ուշ անցած են Մատենադարանին։
Այլ յիշատակելի անուններ են՝ Հ. Համազասպ Ոսկեան, Նիկողայոս Մառ, Հ. Օգոստինոս Սեքուլեան, Հ. Բարսեղ Սարգիսեան, Նորայր Եպիսկոպոս Պողարեան, Հ, Սահակ Ճեմճեմեան։
Ընտրանի բանասէրներ կազմած են Մատենադարանի բազմահատոր ցուցակը որ տակաւին աշխատանքի ընթացքի մէջ է։

Սովետական Հայաստանի Գիտութիւնենրու Ակադեմիան կատարած է վիթխարի աշխատանք յիշատակարաններու հրատարակութեան։
Հայագէտ Լեւոն Խաչիկեան մեծ արժանիք ունի հայ ձեռագրերու յիշատակարաններու բազմահատոր հրատարակութեան մէջ։
ԺԵ Դարի յիշատակարաններու Ա. հատորի յառաջաբանին մէջ յիշատակարաններու անհրաժեշտութեան մասին կը կարդանք՝ ''Յիշատակարանները, որպէս պատմական սկզբնաղբիւր, ունին որոշ առաւելութիւններ այլ կարգի սկզբնաղբիւրների, յատկապէս անհատ հեղինակների կողմից գրուած ժամանակագրութիւնների ու պատմութիւնների նկատմամբ ... Յիշատակագիրները, լինելով իրենց կողմից գրանցուող դէպքերին ու անցուդարձերին ժամանակակից, իսկ յաճախ նաեւ ականատես ու ականջալուր վկաները, բնականաբար, շատ աւելի ճշմարիտ տուեալներ են հաղորդել դրանց մասին, քան դէպքերից տասնամեակներ յետոյ ապրած ու ստեղծագործած պատմիչներ։''








All the contents on this site are copyrighted ©.