2014-11-05 12:39:32

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Եկեղեցական բարձրագոյն ատեանի կազմակերպած դասընթացքի մասնակիցներուն։


(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 5 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9,00-ին , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Եկեղեցական բարձրագոյն ատեանի կազմակերպութեամբ եկեղեցական իրաւագիտութեան դասընթացքի մասնակիցները, եւ այս առթիւ անոնց ուղղած անպատրաստից խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը անհրաժեշ նկատեց եկեղեցական դատական հարցերու լուծման արագընթացքը եւ անոնց արդար դատաւարութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց վերոյիշեալ հարցին մասին իր ստեղծած յանձնախումին որուն պարտականութիւնն է շարադրել արդարութեան եւ եղբայրասիրութեան ուղեգիծ մը` սատարելու ու համապատասխանելու բազմաթիւ անձերու դատական կարիքներուն հայող ամուսնական կեանքին։
Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը անհրաժեշտ նկատեց եկեղեցական իրաւագիտական դասընթացքի կազմակերպութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի տնօրէնին` գերապայծառ Փիօ Վիթօ Փինթոյի որ է նաեւ վերոյիշեալ եկեղեցական դատերու արագացման հարցերու յանձնախումբին նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.