2014-11-05 10:55:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին որպէս Նուիրապետութին'' ։


(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց` Եկեղեցական Դատարանի կողմէ կազմակերպուած “super rato” դասընթացքի մասնակցողներուն հուսկ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած ճառին մէջ խօսեցաւ Եկեղեցւոյ նուիրապետական երեւոյթի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ ունկնդրութիւններուն առիթ ունեցանք ընդգծելու թէ ինչպէս Սուրբ Հոգին իր առատ շնորհքները կը զեղու Եկեղեցւոյ վրայ, եւ այժմ այս շնորհքներու զօրութեամբ` Քրիստոս չի զլանար խորհուրդներ արծարծելու` ու այս խորհուրդներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի եպիսկոպոսական շնորհքը։
Անոր միջոցաւ, քահանաներու եւ սարկաւագներու առընթեր, Քրիստոսն է որ ներկայ է ու կը շարունակէ հոգալ իր Եկեղեցւոյ, ապահովելով անոր անվտանգութիւնն ու առաջնորդութիւնը։
Եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն եւ սարկաւագներուն խորհուրդին մէջ կարելի է տեսնել Եկեղեցւոյ իսկական դիմագիծը` Սուրբ, Մայր, Նուիրապետութիւն ։ Արդարեւ, Տիրոջմէ այս մեր ընտրուած եղբայրակիցներուն միջոցաւ է որ Եկեղեցին իր մայրութիւնը կ՛իրականացնէ, դիտել տուաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ` Եկեղեցին մեզ կը վերածնի սուրբ մկրտութեամբ որպէս քրիստոնեաներ, ու մեզ կ՛աճեցնէ հաւատքի մէջ։ Ան մեզ կը սնուցանէ Սուրբ Հաղորդութեամբ ու մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Հայրը` Անոր ներումը ընկալելու համար ու մեզի կ՛ընկերանայ մեր կեանքի ընթացքին, յատկապէս դժուարութիւններու ժամանակ ու մահուան պահուն։
Եկեղեցւոյ այս մայրութիւնը կ՛արտայայտուի յատկապէս Եպիսկոպոսի անձին ու անոր առաքելութեան միջոցաւ։ Արդարեւ Յիսուս ընտրեց աշակերտները ու զանոնք առաքեց հռչակելու Աւետարանը եւ հովուելու իր հոտը, այսպէս ալ Եպիսկոպոսները որոնք առաքելներու յաջորդներն են, քրիստոնեայ հասարակութեան գլուխն են` որպէս հաւատքի երաշխաւորներ եւ որպէս ողջ նշան մը Տիրոջ ներկայութեան մեր մէջ։ Եպիսկոպոսը Բարի Հովիւի պատկերն է որ եկած է ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ որ իր կեանքը կու տայ իր ոչխարներուն համար։ Եպիսկոպոսները առաքեալներուն յաջորդներն են ու կը կազմեն մէկ դաս, Քահանայապետի հետ հաղորդութեամբ որ է այս հաղորդութեան երաշխաւորն ու պահապանը նոյնիսկ երբ անոնք ցիր ու ցան են աշխարհի տարածքին ու կ՛ապրին զանազան միջավայրերու, մշակոյթներու եւ բազմազան աւանդութիւններու համաձայն ու սակայն իրենք զիրենք կը զգան որպէս մէկ մարմին, իրարու սերտօրէն կապուած Քրիստոսի մէջ։
Սիրեցեալ եղբայրներ – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ճառին աւարտին - այս ամէնը մեզի կը հասկցնեն թէ ինչու քրիստոնեայ հասարակութիւնները կ՛ընդունին թէ Եպիսկոպոսը մեծ պարգեւ մըն է ու թէ կանչուած են Անոր հետ արծարծելու խոր ու անկեղծ հաղորդութիւն մը, այն գիտակցութեամբ թէ Եպիսկոպոսին մէջ տեսանելի կը դառնայ ամէն մէկ Եկեղեցւոյ կապը առաքեալներուն հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր հասարակութիւններուն հետ որոնք եպիսկոպոսին ու Քահանայապետին հետ միասին միացած են մեր Տիրոջ միակ Եկեղեցւոյ որ է` Սուրբ, Մայր եւ Նուիրապետութիւն։
Ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները ու ի մէջ այլոց յայտնեց թէ յառաջիկայ 21 յունիս 2015-ին ուխտագնացութեամբ Թորինօ քաղաքը պիտի այցելէ մեծարելու Սուրբ Ճովաննի Պոսքոն ու Քրիստոսի վարշամակը։ Ան ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն` զանոնք խրախուսելով հաւատքը ապրիլ լրջութեամբ, յոյս դնելով Փրկիչ Քրիստոսի վրայ եւ միշտ նկատի առնելով քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.