2014-11-05 14:20:48

Նիճերացի ''քամիքազ'' մը 30 անմեղներ կը սպաննէ։


(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) ''Պոքօ Հարամ առանց խտրականութեան մարդասպանութիւն կը կատարէ'' մամուլին յայտարարած է կրօնաւորուհի Քրիսթինա Քաթունկ։
Նիճերիոյ հիւսիս-արեւելքի Մուպի կոչուած շրջանին մէջ Պոքօ Հարամէն ջոկատ մը անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած է շիիթ հաւատացեալներու դէմ, մինչ անոնք կը ոգեկոչէին Աշուրայի տօնը։ Վերոյիշեալ արարքի հետեւանքով 30 հոգիներ զոհ գացած են, հաղորդած է միշտ կրօնաւորուհի Քրիսդինա Քաթունկ, մատնանշելով որ Պոքօ Հարամի ահաբեկիչները առանց խտրականութեան կը հարուածեն քրիստոնեաներն ու մահմետականները։ Մեր աղօթքն է որ Ամենակալ Տէրը շարժէ ահաբեկիչներու սրտերը։ Ինք միայն կարող է զանոնք դարձի բերել ու բարեփոխել։ Յայտնած է Քոյր Քաթունկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.