Կարդինալ Սանտրիի խօսքը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին լուսանկարներու ցուցահանդէսին
առթիւ։
(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) Հռոմի ֆրանսական Սան Լուիճի մշակութային կեդրոնին
մէջ, 4 Նոյեմբեր 2014-ին, բացումը կատարուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մասին
լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը որուն պատուոյ հիւրը եղած է կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին`
կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին։ Այս առթիւ իր ուղղած խօսքին մէջ կարդինալը
շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցահանդէսը նախաձեռնող` Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ֆրանսացի
դեսպանին, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կառավարութեան թափած ջանքերուն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն
ի խնդիր։ Հոգւով ու միտքով խորապէս միացած ենք Միջին Արեւելքի այսօրուայ քրիստոնեաներու
ապրած ողբերգութեան, ըսաւ Կարդինալը ուրախութիւն յայտնելով որ ցուցագիրքի յառաջաբանին
մէջ արձանագրուած են ֆրանչիսկոս Քահանայապետի սա խօսքը. ''չենք ուզեր համակերպիլ`առանց
քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը հեռանկարին''։ Դիտելով լուսանկարները, կանգ առնենք
այն պատկերին առջեւ որ կը նկարագրէ փոքրիկ հայ որբեր Եգիպտոսի Բոր Սայիտ նաւահանգիստին
մէջ 1916 թուականին, անոնցմէ շատերը զոհ եղած են ցեղասպանութեան։ Անոնց աչքերը մեզ կը
հարցապնդեն ու մեզի կը հարցադրեն արդարութեան մասին, ի՞նչու այդ կը պատահի, ի՞նչու են
այդ ողբերգութիւնները, բռնութիւնները։ Անմեղներու հարցումին առջեւ կարելի չէ լուռ կենալ
եւ ոչ ալ արդարացումներ գտնել։ Ամէնքս Աստուտոյ ատեանին առջեւ կանչուած ենք պատասխան
տալու- ըսաւ կարդինալ Սանտրին ու բացագանչեց` Ներողամիտ գտնուեցէք, յաչս այս սեւ-սպիտակ
նկարներուն կարելի չէ լուռ ու մունջ մնալ։ Այս նկարները միաժամանակ մեզ կը խթանեն եռանդով
շարունակելու մեր նուիրումը հանդէպ այսօրուայ հալածուած Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն։