2014-11-05 09:25:48

Երկու քրիստոնեաներ ողջ հրկիզուած են Փաքիստանի մէջ։


(Ռ.Վ. 5 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը յայտնեց թէ Փաքիստանի Լահոր մարզի հարաւային կողմերը գտնուող գիւղի մը մէջ, 24 եւ 26 տարեկան զոյգ մը քրիստոնեաներ ողջ, ողջ հրկիզուած են, խումբ մը մահմետականներու կողմէ Քուրանի գիրքի մը էջերը այրած ըլլալուն ամբաստանութեամբ։
Այս մասին Ֆիտէս լրատու գործակալութեան հաղորդած է մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան փաստաբան մը որ փութացած է դէպքին վայրը։
Քրիստոնեայ զոյգ երիտասարդները, անցեալ 2 նոյեմբերէն իրենց գործատեղիէն բռնի կերպով առեւանգուած են անյայտ մարդոց կողմէ։
Փաստաբան Ճիլլ` Ֆիտէսին միոջոցաւ կոչ ուղղած է՝ քրիստոնեայ երիտասարդներուն հանդէպ կատարուած արարքը համարելով բարբարոսական եւ անմարդկային ու համայն աշխարհէն խնդրելով դատապարտել սոյն արարքը, մատնանշելով, թէ վերջերս այսպիսի վատ արարքներ աճ արձանագրած են Փաքաիստանի մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.