2014-11-04 12:12:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 4 նոյեմբերի քարոզը։


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի 4 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ շահագրգռութիւն չկայ։ Աստուած կու տայ առատաձեռնութեամբ եւ անշահախնդիր կերպով, ձրիօրէն։ Եսասիրութիւնը, փառամոլութիւնը եւ Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած տարտամ վստահութիւնը, արգելք կը հանդիսանան մասնակցուելու Տիրոջ սեղանին, ըսաւ Քահանայապետը՝ անդրադառնալով Քրիստոսի ընթրիքի հրաւիրեալներու առակին։
Հրաւիրեալները զանազան պատճառներով կը մերժեն ընդունիլ հրաւէրը։ Կեանքի բազմազան ապրումներ մեր մէջ կը թողուն բացասական հետքեր, ինչպէս էր պարագան Էմմաուսի աշակերտներուն եւ կամ Թովմաս առաքեալին։ Կը մերժենք ընդունիլ հրաւէրը, տալով այն տպաւորութիւնը, որ մեզի շնորհուածը չափազանց է, մեզի հարկաւորէն գերիվեր։ Այս պատճառով հրաւէրը մեզի վախ կը ներշնչէ։
Մեր մեղքերուն եւ մեր սահմանափակումներուն մէջ մենք մեզ ապահով կը զգանք եւ մենք մեզ կը փակենք բնակարանին մէջ՝ մերժելով Տիրոջ ընթրիքի հրաւէրը։ Կը վախնանք մեր տունէն դուրս գալու եւ Աստուծոյ տունը երթալու, Աստուծոյ ընթրիքին մասնակցելու։ Բոլոր քրիստոնեաներս ունինք այս վախը։ Կ'ուզենք ըլլալ կաթողիկէ, բայց չափաւոր կերպով։ Կը վստահինք Տիրոջ, բայց չափաւոր կերպով։ Այս չափաւորումը կամ սահմանափակումը մեզ կը դարձնէ ճղճիմ անհատներ։
Համոզուեցէք որ Աստուծոյ հրաւէրը կը բխի իր առատաձեռնութենէն եւ է ձրի։ Աստուծոյ պարգեւները կը տրուին մեզի անշահախնդրօրէն։ Փրկագործութիւնը վաճառքի առարկայ չէ, այլ Աստուծոյ սէրն է՝ գերագոյն պարգեւը որ մարդ կրնայ ստանալ։
Չկարծենք որ սրբութեան կրնանք հասնիլ մե՛ր ճիգերով, այլ միայն Աստուծոյ ձրի շնորհապարգեւով։
Քրիստոս Աստուծոյ սեղանին մեր մասնակցութիւնը իր խոնարհեցումով եւ խաչի մահով վճարած է ամբողջովին։ Ուրեմն չվախնանք ամբողջական տրամադրելիութեամբ ընդունելու հրաւէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.