2014-11-04 10:32:40

Տօն Ամենայն Սրբոց


RealAudioMP3 Կաթողիկէ Եկեղեցին Նոյեմբեր ամսուայ առաջին օրը կը յատկացնէ բոլոր սուրբերուն յիշատակին, մեզ հրաւիրե-լով քննելու մեր կրօնական անցեալը, եւ մեր առջեւ դնելով ապագային մեր քրիստոնէական հաւատքը: Այս օրը ժամադրութիւն մըն է այն մարդոց եւ կիներուն որոնք պատմութեան մէջ իրենց հաւաքով եւ հրաշքներով եւ երբեմն ալ իրենց հետ թափած իրենց արիւնով կրցան նահատակութեան եւ սրբութեան հետքեր եւ դասեր ձգել համայն քրիստոնէութեան:
Այսօր Եկեղեցին ուրախ է որովհետեւ մեզի կը ցուցնէ բոլոր զաւակները: Եկեղեցին հպարտ է անոնցմով որոնք ապրեցան ճշմարիտ եւ ճշգրիտ երանութիւնները Քրիստոսին: Կը յի-շենք բոլոր անոնք որոնք մաս կազմեցին աշ-խարհիս եւ մանաւանդ քրիստոնէութեան պատմութեան, ինչպէս առաքեալները, նահա-տակները եւ բոլոր սուրբերը որոնք սուրբ հըռ-չակուեցան տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէն եւ առաջին Եկեղեցիէն: Անոնց անուանացանկին մէջ կան նաեւ անոնք որոնք ճանչցուեցան ժողովուրդին կողմէն իրենց սրբութեան եւ բարի կամքին. անոնց մէջ ալ կրնաք դասել կարգ մը բարի եւ հաւատացեալ մարդիկ որոնք կրցան վկայել Քրիստոսի առաքելութեան, հաւատքին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն եւ կենցաղին. օրինակի համար, մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները որոնք քաջաբար ընդիմա-ցան թուրքի անկրօն կոչին՝ ուրանալու Քրիս-տոսի հաւատքը եւ դառնալու այլազգ դաւա-նանքին, կամ նաեւ մեր ընտանիքի կարգ մը անձերու որոնք սրբութեան հոտը տարածեցին զանազան տեղեր եւ որոնց միջոցաւ պատճառը եղան անհաւատ անձերու եւ կամ տարակոյսի մէջ գտնուողներուն կամքը փոխելու:
Եկեղեցին մեզի կը ներկայացնէ իր սուրբերը ոչ թէ որպէս արխիւի մէջ դրուած անուններ, այլ որպէս մեր հաւատքի ճանապարհի ուղղեցոյց մը, մանաւանդ ընկերացող մը որ կրնայ հոգեւոր գետնի վրայ օգնել եւ միշտ ելլելու մեր դժուարութիւններէն եւ կեանքի թշուառային փորձութիւններէն, եւ սրբութեան ճամբան բռնելով:
Սուրբ Յովհաննէսը մեզի կը խօսի նոր երկնքի եւ նոր ցամաքի մասին: Իրեն համար ձեւ մըն է ներկայացնելու աշխարհիս եւ եկեղեցւոյ ապագան, մեզ կ'ուղղէ ապագային արհեստը սորվելու եւ որուն մէջ այսօր մենք կը քալենք: Քրիստոսի հետ ամէնքս կանչուած ենք սուրբերու յաղթանակը բաժնելու:
Ամենայն սրբոց տօնը բոլորիս կ'աւետէ արցունքներուն, չարչարանքներուն եւ մահուան վերջը, այսօր յոյսի պատգամ մըն է զոր իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է զայն լաւ ընդունիլ եւ ըմբռնել, որովհետեւ պատգամ մըն է կեանքի երջանկութեան եւ բարօրութեան: Աստուած կ'ուզէ իր բոլոր ազատ եւ փրկուած զաւակները հաւաքել: Մեր կոչումը պիտի ըլլայ մտնելու այս լոյսին մէջ որովհետեւ մեզ սրբու-թեան կը տանի:
Սրբութիւնը նուէր մըն է զոր Աստուած կը շնորհէ մեզի. իւրաքանչիւրս լաւ ընդունելու ենք այս նուէրը հակառակ որ իր մէջ կան նաեւ չարչարանքներ ու ցաւեր, եւ սակայն բոլորս ալ պիտի փրկուինք եւ խորաններուն վրայ կրնանք սրբադասուիլ:
«Ուրախացէք եւ բերկրանքին մէջ մնացէք» կ'ըսէ մեզի Յիսուս, ուրախութեան իմացակա-նութիւնը Աստուծոյ արքայութիւնն է: Երբ նկատենք զինք որպէս առաջնորդը եւ առաջնա-հերթը մեր կեանքին, պատրաստ կ'ըլլանք զո-հելու ամէն ինչ ունենալու համար իսկական երջանկութիւնը:
Թող այս օրը սրբութեան պատգամ մը ըլլայ բոլորին կեանքին մէջ, երջանիկ հաւատքով լի ապրելու համար: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.