2014-11-04 09:37:18

''Սուրիոյ քրիստոնեաները առանձին չեն'' ըսաւ Քահանայապետական Քոր Ունում բարեսիրական հաստատութեան քարտուղարը։


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014), Քահանայապետական Քոր Ունում - Մէկ Սիրտ - ` բարեսիրական հաստատութեան քարտուղար` գերապայծառ Ճամբիէթրօ Տալ Թոզօ` 28 -31 հոկտեմբեր 2014-ին, առաքելութեամբ մեկնած էր Դամասկոս մասնակցելու Սուրիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի աշխատանքներուն որուն ընթացքին ժողովականները խիստ կոչ մը ուղղեցին միջազգային հասարակութեան, վերջ դնելու համար ապօրինի զինավաճառութեան ու սրտաբուխ հրաւէր մը ուղղեցին Քրիստոնեաներուն դիմադրելու գաղթականութեան ճանապարհ ընդգրկելու գաղափարէն։
Գերապայծառ Թոզօ մատնանշեց որ տեղական բարեսիրական մարմինները լռելեան օգնութեան կը հասնին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, յայտնելով որ աւելի քան 10 միլիոն բնակիչներ կ'ապրին իրենց տուներէն հեռու, ''ասիկա ճշմարիտ ողբերգութիւն մըն է'' ըսաւ գերապայծառ Թոզօ։
Շատերը չքաւորութենէն կը տառապին, կաթողիկէ եկեղեցին ՄԱԿ-ի զանազան մարմիններու հետ միասին իր կարելին կ' ընէ բարւոքելու անոնց կացութիւնը։ Եկեղեցականները, հաւատարիմ իրենց կոչումին, մեծ նուիրումով նիւթապէս թէ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին իրենց ժողովուրդին։ Գերապայծառ Թոզօ մատնանշեց որ Քահանայապետը մշտատեւ կ`աղօթէ Սուրիոյ համար եւ սուրիացի ժողովուրդին, մեծապէս գնահատելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մօտիկութիւնը հանդէպ Սուրիոյ ժողովուրդին։ Մեր աղօթքն է որ Սուրիոյ զինեալ ընդհարումը շուտով վերջ գտնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.