2014-11-04 09:01:38

Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը կը մօտենայ մէկ միլիոնի:


Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ կայուն աճ արձանագրել: 2014 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստան ժամանած են 941 հազար 151 զբօսաշրջիկներ, կամ 2013-ի նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ ցուցանիշը աճած է 13.6 տոկոսով:
Ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2014 Յունուար-Սեպտեմբերին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 886 հազար 251 մարդ կամ 2013-ի համապատասխան ժամանակաշրջանին համեմատ ցուցանիշը աճած է 12.5 տոկոսով:
Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան գերակայ ճիւղերէն է: Վերջին տասնամեակին ոլորտի աճը տարեկան կը գերազանցէ 15-20 տոկոսը: Զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստան իրականացուցած է նաեւ վիզային կարգի դիւրացման եւ բաց երկինքի քաղաքականութիւն` հնարաւորին չափ մատչելի դարձնելով զբօսաշրջիկներու համար Հայաստան այցելութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.