2014-11-04 09:12:08

ԱՄՆի եպիսկոպոսներու յառաջիկայ լիանիստ ժողովը Պալթիմոր քաղաքին մէջ:


(Ռ.Վ. 4 նոյեմբեր 2014) 10-13 Նոյեմբեր 2014, ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներու աշնանային լիանիստ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Պալթիմոր քաղաքին մէջ, ուր 225 տարի առաջ կը հիմնուէր ԱՄՆ-ի առաջին թեմը։ Լիագումարը կը գլխաւորէ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Jospeh Kurtz եւ Ս. Աթոռի առաքելական դեսպանը գերապայծառ Քարլօ Վիկանօ։ Նիստին օրակարգը` ԱՄՆի եկեղեցւոյ կեանքը իր զանազան երեւոյթներով. ծէսը, ընտանիքը, կրօնական ազատութիւնը, նուիրեալ անձերու կեանքը, ընկերային հովութիւնը, ԱՄՆ-ի եկեղեցւոյ յանձնառումը հանդէպ Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի։
Եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղարը գերապայծառ Փիդր Սարդան պիտի ներկայացնէ եպիսկոպոսներու չորս ամեայ գործունէութիւնը ''նոր աւետարանութիւնը. հաւատք,պաշտամունք եւ կեանքի վկայութիւն’’ թղթածրարը։ Նոյնպէս տեղեկագիր մը պիտի ներկայացուի կաթողիկէ դաստիարակութեան մասին։
Հուսկ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը նոր նշանակումներ պիտի կատարէ ու պիտի վաւերացնէ 2015-ի ժամանակաւոր պիւտճէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.