2014-11-03 12:40:45

''Մրցակցութիւնն ու Մեծամտութիւնը ցեցեր են որ Եկեղեցին կը տկարացնեն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 3 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ մրցակցութիւնն ու մեծամտութիւնը ցեցեր են որ Եկեղեցին կը տկարացնեն, հրաւիրելով գործել խոնարհութեան եւ հաշտութեան հոգիով, առանց անձնական շահերը փնտռելու։
Քահանայապետը նկատել տուաւ թէ Եպիսկոպոսի մը ուրախութիւնը կը կայանայ իր Եկեղեցւոյն մէջ տեսնելու սէրը, միութիւնն ու համաձայնութիւնը։ Ներդաշնակութիւն մը որ Սուրբ Հոգւոյն շնորհքն է` սակայն մենք ալ մեր դերը կատարելու ենք որպէսզի Եկեղեցւոյ մէջ այս ներդաշնակութիւնը իրականացուի - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տալով թէ ''Քանիցս այս ներդաշնակութիւնը իրականացած է Եկեղեցւոյ մէջ''։ Ան ապա հաստատեց թէ մրցակցութիւնն ու սնափառութիւնը ցեցեր են որոնք կ՛ապականեն Եկեղեցւոյ հետեւողականութիւնը ու զայն կը տկարացնեն։ Մրցակցութիւնն ու մեծամտութիւնը հակառակ են ներդաշնակութեան եւ համաձայնութեան, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւէր ուղղելով ըլլալու խոնարհ ու չփնտռելու անձնական շահերը, այլ ծառայելու ուրիշներուն ու փնտռելու անոնց բարիքը։ Այս է ահա Եպիսկոպոսին ուրախութիւնը` երբ կը տեսնէ իր Եկեղեցին, համաձայն, միասնական սիրով, որ ուրիշը չանտեսեր։
Շատ վատ երեւոյթ մըն է երբ Եկեղեցական կառոյցներուն մէջ, թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ կը գտնենք անձեր որոնք իրենց սեփական շահերը կը փնտռեն ու կ՛անտեսեն ծառայութիւնն ու սէրը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց հարց տալ ''Ի՞նչպիսի վիճակի մէջ կը գտնուի իմ ժողովրդապետութիւնս, իմ հասարակութիւնս'', եւ սիրոյ, միասնականութեան, համաձայնութեան, խոնարհութեան հոգիով քննարկել ու տեսնել եթէ հարցեր կան որոնք կարելի է բարելաւել։








All the contents on this site are copyrighted ©.