2014-11-03 14:52:33

Միջազգային Քարիթասի մամլոյ ասուլիս՝ ''Եկեղեցւոյ պատասխանը ընդդէմ Էպոլա համաճարակի տարածման''։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենայ, Միջազգային Քարիթասի մամլոյ
Ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի Եկեղեցւոյ որդեգրած պատասխանը ընդդէմ Էպոլա համաճարակին։
''Եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցած է առողջապահական, մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրելու` էպոլա համաճարակէ թիրախ դարձած երկիրներուն, յատկապէս Ափրիկէին։
Այս ծիրէն ներս միջազգային Քարիթասի ներկայացուցած մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՝ունենան Միջազգային Քարիթասի առողջապահութեան յատուկ խորհրդական` գերապայծառ Ռոպէրթ Վիթիլլօ, որ վերջերս վերադարձած է Լիպէրիայէն, ինչպէս նաեւ Քարիթասի այլ ներկայացուցիչներ որոնք կը գործեն Էպոլա համաճարակին թիրախ դարձած երկիրներուն մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին կը շօշափուին հետեւեալ նիւթերը ՝ Էպոլա համաճարակին տնտեսական հետեւանքները աղքատ հասարակութիւններու վրայ, նախաձեռնութիւններ՝ կազմաւորելու համար առողջապահութեան գործիչներ։









All the contents on this site are copyrighted ©.