2014-11-03 09:59:51

Իտալիոյ համահաւաք դասի նախագահի այցելութիւնը Ս. Երկիր։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) Ընդառաջելով Երուսաղէմի լատին պատրիարք ֆուատ Թուալի հրաւէրին, կիրակի 2 նոյեմբեր 2014-ին, սկիզբ առաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` կարտինալ Անճելօ Պանիասքոյին երկօրեայ այցելութիւնը Ս. Երկիր։
Ուխտագնացութիւնը սկսաւ Կազայի գօտիի այցելութեամբ։
Կարդինալը այցելեց իսրայէլեան բանակի կողմէ ռմբակոծած թաղամասերը, ուր կը տիրէ մահ եւ աւեր։
Կարդինալը եւ անոր շքախումբը ապա այցելեցին Յորդանանի պատրիարքարանը, հիւանդանոցն ու վարժարանը։ Յետմիջօրէին Հանդիպում ունեցաւ Ալեքսիոս Յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսին հետ ու երեկոյեան պատարագէն անմիջապէս ետք տեսակցութիւն պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքր համայնքին հետ։ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը երեքշաբթի պիտի այցելէ Ստերոդ` իսրայէլեան շրջանը։
Այցելութեան նպատակն է յայտնել իտալական եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը ու հոգատարութիւնը տառապող քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։ Նշենք որ երեք շաբաթ առաջ իտալիոյ Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը այցելած էր Քիւրտիստանի մէջ ապաստան գտած Իրաքցի քրիստոնեաները։
Խաղաղութեան ու ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան ընկերային յանձնառումին կից իտալիոյ եկեղեցին կ’ուզէ դրականօրէն յայտնել իր մօտիկութիւնը Միջին Արեւելքի տառապող քրիստոնեաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.