2014-11-03 10:21:27

Եւրոպայի եպիսկոպոսները պիտի մեծարեն առաջին համաշխարհային պատերազմի զոհերուն յիշատակը։


(Ռ.Վ. 3 նոյեմբեր 2014) 11 Նոյեմբեր 2014-ին, Եւրոպայի հասարակութեան յանձնախումբի եպիսկոպոսները, գլխաւորութեամբ Միւնիխի թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Մարքսի, Վերտանի մէջ պիտի մեծարեն յիշատակը բոլոր անոնց որոնք թիրախ դարձան առաջին աշխարհամարտին։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի յատկանշուի աղօթքով մը Տուոմոնի ոսկրանոցին առջեւ ու ապա Վերտանի աթոռանիստ եկեղեցւոյ գետնայարկին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.