2014-11-02 11:09:08

Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։


(Ռ.Վ. 2 նոյեմբեր 2014) Շբաթ, նոյեմբեր մէկի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Ամենայն Սրբոց տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի յուշարձանային Քամփօ Վերանօ գերեզմանատան մուտքի տարածքին, գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ շիրիմներու օրհնութիւն։
Արարողութեան ընթացքին, Վերանոյի Տիրամօր արձանին մօտ տեղադրուած էին Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ երկու Սուրբ Քահանայապետերու մասունքները։ Յայտնենք թէ այս երկրորդ տարին է որ Ֆրանչիսկոս Պապը` 1 նոյեմբերին, Վերանոյի գերեզմանատան մուտքի տարածքին պատարագ կը մատուցէ։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ցաւով դիտել տուաւ թէ շատ անգամ մարդը ինքզինք Աստուած կը նկատէ ու կ՛ուզէ տիրանալ արարչագործութեան, ապա իղձ յայտնեց որ Տիրոջ զօրութիւնը դադրեցնէ մարդու եւ արարչագործութեան աւերումը որուն առաջին զոհերը մանուկներն ու աղքատներն են։
''Մենք կարող ենք երկիրը կործանել` կը կործանենք արարչագործութիւնը, կեանքը, մշակոյթներն ու արժէքները եւ նոյնիսկ յոյսը'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով 71 տարիներ առաջ Հռոմի ռմբակոծումին ու պատերազմներուն որոնք միայն կործանում կը յառաջացնեն ու կը յառաջացնեն նաեւ ''մնացորդի'' մշակոյթը ու այսպէսով ամբողջ ազգեր կ՛անտեսուին ու յատկապէս մանուկներն ու աղքատները ''որոնք մարդու գործած այս աւերներու առաջին զոհերն են''։
Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ օրուան աւետարանի մէջ կարդացուցած երանութիւններուն ու մատնանշեց թէ միայն Աստուծոյ ճանապարհին հետեւելով է որ մարդը կրնայ փրկուիլ, յառաջ ընդանալով երանութիւններու ճանապարհով, Աստուած գտնելու ու առ յաւէտ Անոր հետ մնալու յոյսով։
Տէրը մեզի շնորհէ այս յոյսի շնորհքը ու նաեւ քաջութեան շնորհքը դուրս ելլելու այս աւերումի, կործանումի, կեանքի յարաբերականութեան, ուրիշներուն, արժէքներու ու Տիրոջ մեզի տուած պարգեւներուն անտեսումէն - հայցեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը եզրափակեց ըսելով` Թող Տէրը մեզ ազատէ այս ամէնքէն ու մեզի պարգեւէ շնորհքը ընդանալու այն յոյսով թէ օր մը Իրեն կը հանդիպինք։ Յոյս մը որ երբեք չի վհատեցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.