Թուրքիոյ երբեմնի հայաբնակ Բալու շրջանին մէջ պիտի վերակառուցուի դարեր առաջ կառուցուած
եւ այժմ աւերակի վերածուած եկեղեցին: Բալուի քաղաքապետ Մեհմետ Սայիտ Տաղօղլու հայկական
եկեղեցին այցելելով՝ յայտնած է, որ անիկա 8 դարեր ծառայած է հայ համայնքին: «1970ականներուն,
անիկա դեռ կանգուն էր եւ կան այդ իրողութիւնը հաստատող լուսանկարներ: Գանձեր որոնողները
էական վնասներ հասցուցած են շինութեան, իսկ մենք՝ հոս բնակողներս, զայն չենք պահպանած:
Հայ համայնքին հետ հանդիպելով՝ մտադրած ենք 2015-2016ին սկսիլ անոր վերակառուցման», նշած
է քաղաքապետը, աւելցելով, որ վերակառուցուած է նաեւ քաղաքի մզկիթը: 19րդ դարու սկիզբը,
Բալուի հայ բնակիչներուն թիւը 7000ի շուրջ եղած է: 1873ին, հոն կ՛ապրէին 6240 հայ եւ
2250 քիւրտ: 19րդ դարու 70ական թուականներէն սկսեալ, քաղաքի արհեստաւոր ու առեւտրական
դասակարգը սկսած է աստիճանաբար գաղթելու աւելի մեծ քաղաքներ՝ Ատանա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ,
Սեբաստիա, ինչպէս նաեւ Մալաթիա ու Քղի: 1915ին բնաջնջուած է նաեւ Բալուի հայ բնակչութիւնը,
որուն միայն մէկ մասը փրկուած է: Յետագային, ոմանք վերադարձած են: 1940ական թուականներուն
Բալուի եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մէջ կը գտնուէր 750 հայ: