2014-10-31 09:29:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Նոյեմբեր ամսոյն գլխաւորած արարողութիւնները։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նոյեմբեր 2014-ին գլխաւորելիք արարողութիւններու յայտագիրը որուն մէջ կը նշուի թէ Ֆրանչիսկոս Պապը նոյեմբեր ամսոյն վերջաւորութեան, 28 – 30, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Թուրքիա, Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքին հետ միասին տօնախմբելու Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնը։
Նոյեմբեր մէկին, Ամենայն սրբոց տօնին օրը, յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ Հռոմի ''Վերանօ'' գերեզմանատունը ուր պատարագ պիտի մատուցէ ննջեցեալներուն հոգւոյն հանգստեան։
Կիրակի, 2 նոյեմբերին, Վատիկանի գետնադամբանին մէջ, Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ ննջեցեալ Քահանայապետերու դիտաւորութեան կազմակերպուած հոգեհանգստեան աղօթքի արարողութիւնը, մինչ երկուշաբթի, 3 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, պիտի գլխաւորէ, տարուան ընթացքին մահացած կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու դիտաւորութեան մատուցուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագի արարողութիւնը.
Կիրակի, 23 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ սրբադասման արարողութիւնը, որուն ընթացքին սուրբ պիտի հռչակէ վեց երանելիներ`
Իտալացի Ճովաննի Անթոնիօ Ֆարինան` Իտալիոյ Թրեվիզօ եւ Վիչենցա թեմերու երբեմնի եպիսկոպոսը, հնդիկ քահանայ Քուրիաքոս Էլի Չավարա, ինչպէս նաեւ հնդիկ կրօնաւորուհի Սուրբ Սրտի Էուֆրազիա Էլուվանդիկալ, իտալացի Լուտովիկա Տա Քազորիա, Նիքոլա Տա Լոնկոպարտի եւ Ամաթօ Ռոնքոնին։
Յայտնենք որ 25 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը միօրեայ այցելութիւն պիտի կատարէ Եւրոպայի խորհրդարանին եւ Եւրոխորհուրդին, ուր պատգամ պիտի ուղղէ եւրոպայի քաղաքական իշխանութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.