2014-10-31 09:31:28

Նախագահ Սարգսեան այցելեց Յորդանան գետի Ս. Կարապետ Եկեղեցի


Պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Հոկտեմբերին այցելած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուսի մկրտութեան վայրը:
Նախագահը շրջագայած է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, այնուհետեւ հետեւեալ գրառումը կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ. «Մաղտասում՝ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրում, հոգեւորը գերակայում է, մարդն այստեղ դառնում է համամարդկայինի մի մասնիկը՝ գիտակցելով յաւերժութեան անխուսափելիութիւնը։ Մկրտութեան խորհուրդն իր մէջ կրում է նորը, հանդուրժողը եւ վերածնուող բարին։ Կարծում եմ՝ սա այն վայրն է, որը կարող է փոխել մարդու աշխարհընկալումը։ Երախտապարտ եմ, որ Յորդանանը հոգատարութեամբ է վերաբերւում նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրին՝ դրանով հաստատելով քաղաքակրթութիւնների երկխօսութեան իր պատրաստակամութիւնը։ Շնորհակալութիւն Յորդանանի իշխանութիւններին եւ ժողովրդին այս սրբավայր այցելելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար», գրած է նախագահ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքին, Յորդանանի հոգեւոր առաջնորդին եւ Յորդանանի հոգեւոր առաջնորդութեան ու ազգային տեղական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ իր գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներուն հետ այցելած է նաեւ հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցի:
Աւարտելով պաշտօնական այցելութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Երեւան։








All the contents on this site are copyrighted ©.