2014-10-31 10:49:32

''Հաղորդակցութիւնը որպէս հանդիպում վաւերականութեան եւ որոշակիութեան միջեւ'', Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու պատասխանատուներուն հանդիպումը։


(Ռ.Վ. 31 հոկտեմբեր 2014) Աթէնքի մէջ 3 – 5 նոյեմբեր 2014, նախատեսուած է Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու պատասխանատուներուն հանդիպումը, որպէս նիւթ ունենալով ''Հաղորդակցութիւնը որպէս վաւերականութեան եւ որոշակիութեան միջեւ հանդիպում''։
Ի՞նչ է թուային աշխարհի հաղորդակցութեան ներդրումը հաւատքի ապրումին ու մտածելակերպին մէջ։ Թուային հանդիպումը կարելի՞ է դառնալ հաղորդութիւն եւ իսկական հանդիպումի առիթ։ Եկեղեցւոյ պաշտօնական հաղորդակցութիւնը կարո՞ղ է դառնալ Քրիստոսի պատգամ։ Քրիստոնէական վկայութիւնը ի՞նչպէս կարելի է թարգմանել թուային աշխարհին մէջ։ Հարցումներ` որուն մասին Աթէնքի մէջ պիտի խորհրդածեն` Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընկերային հաղորդակցութեան պատասխանատուները, ընկերակցութեամբ այս մարզի մասնագէտներուն հետ միասին, հիմնուելով 2014-ի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան պատգամին վրայ։
Վերոյիշեալ հանդիպումին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Քահանայապետական ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չէլլի մինչ մասնագէտներու շարքին են Յիսուսեան միաբան` Հայր Անթոնիօ Սփատարօ, Սպանացի Փրօֆ. Արթուրօ Մէրայօ Փերես եւ Հոլանտացի քահանայ Հայր Ռոտրիք Վոնհէօկէն։
Հաւաքին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Յունաստանի Յոյն Կաթողիկէներու առաքելական էքզարկ գերապայծառ Տիմիթրիոս Սալախասը։








All the contents on this site are copyrighted ©.