2014-10-30 09:51:13

Պատրիարքական սուրբերու դատերու նախագահ Հայր Վարդան Վրդ Գազանճեանի շրջաբերական ելեկդրոնային նամակը հայոց նահատակութեան խորհուրդին մասին:


Հայոց նահատակութեան մեծ խորհուրդը


Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոս եւ Եպիսկոպոս հայրեր,
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ քահանաներ,
Յարգարժան սարկաւագներ,
Պատուարժան հաւատացեալներ,

2015-ին ազգովին պիտի նշենք 100-րդ տարելիցը 1915-ի Մեծ Խորհուրդին, որ մեր ազգը բարձրացուց լեառն Գողգոթա, եւ անբաժանօրէն միացուց Քրիստոսի Խաչին:
1915-ին, Օսմանեան թուրք իշխանութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած «Ցեղասպանութիւնը» այլակերպուեցաւ «Նահատակութեան», Աստուծոյ եւ բարի կամքի տէր մարդոց համար:
Որքանով որ հայ ազգի զաւակները եւ յատուկ կերպով աշխարհական դասը մարդկայնօրէն եւ իրաւամբ արդարութիւն կը պահանջեն, այնքանով եւ աւելի, Եկեղեցին կը յիշեցնէ թէ յաղթողը աստուածայի՛ն արդարութիւնն է:
Արդարութիւնը՝ «Աստուած ընդ մեզ է» հասկացողութեան ապրումն է այսօր:
Ուրիշին կողմէ գործուած ոճիրին հետեւանքը, մեր մէջ այսօր պիտի այլակերպուի «նահատակութեան», եթէ մենք կարող ըլլանք քայլ առ քայլ յառաջ երթալու հաւատքի հասունութեան մէջ:
Տէրը մեր մտքերը պիտի լուսաւորէ հասկնալու համար թէ ի՛նչ կը նշանակէ խորիմաստ «հայոց նահատակութիւնը» եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է ապրիլ այսօր անոր շնորհները:
«Հայոց Նահատակութիւնը» վկայութիւն մըն է ամբողջ աշխարհին, պատգամ մըն է համայն մարդկութեան եւ ապրելաոճ մը՝ այսօրուան եւ ապագային:
Սակայն այս ճանապարհորդութիւնը կարելի չէ հասկնալ եթէ չծանօթանանք եւ չընտելանանք մեր նահատակներուն կեանքին եւ անոնց վկայութեան պատգամին:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւները այսօր կը փափաքին ներկայացնել այդ սերունդէն օրինակելի անձեր, որպէսզի անոնց մասին աւելի իմանանք,
անոնց ապրելակերպին աւելի մօտենանք,
անոնց հաւատարմութեան խորքը կարենանք չափել,
անոնց հաւատքին հասունութիւնը կարենանք համտեսել,
անոնց արեան խնկաբոյր տաքութիւնը հասնի մեր գիտակցութեան
եւ այլակերպէ մեր կեանքերը, որպէսզի անոնք սուրբ հռչակուին:

Հասկնանք իրենցմէ ինչպէս ապրիլ «հայոց նահատակութիւնը» այսօր:
Ասիկա ընելու համար բոլորս պիտի աղօթենք համօրէն նահատակաց համար, որոնք հաստատ հաւատքով 1915-ին իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուծոյ, որպէսզի միացնեն իրենց խաչը Քրիստոսի Խաչին:

Աղօթք

«Ով Աստուծոյ սիրելի նահատակներ,
մեզի ցոյց տուէ՛ք ձեր լուսաւոր դէմքերը,
մեզի յայտնեցէ՛ք գաղտնիքը ձեր ամբողջական նուիրումին,
մեզի փոխանձեցէ՛ք ձեր սէրը հանդէպ Քրիստոսի,
Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյն:
Ով խաչապաշտ հայ նահատակներ,
Դուք, որ աճեցաք Նարեկացիի Մատեանով,
լուսաւորեցէ՛ք մեր մտքերը,
որպէսզի գիտնանք ապրիլ «հայոց նահատակութիւնը»
մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ:
Ամէն»:
Այս աղօթքը կատարեցէ՛ք ամէն օր: Աղօթել տուէ՛ք ձեր ընտանիքներուն, բարեկամներուն եւ համայն ժողովուրդին: Ամբողջ մտքով խնդրեցէ՛ք մեր նահատակներուն բարեխօսութիւնը ըսելով. «Ով նահատակներ Քրիստոսի, բարեխօսեցէ՛ք ինծի համար»:

Պէյրութ, 28 հոկտեմբեր 2014


Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան
Սուրբերու Դատերու
Պատրիարքական Յանձնախումբի







All the contents on this site are copyrighted ©.