2014-10-30 12:17:23

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Մշակոյթի մասին երբ խօսինք, անհրաժեշտօրէն պէտք է քննարկենք մշակոյթի մը կամ ազգի մը ձեռագրական ժառանգութիւնը։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակութային եւ կրօնական զարգացման եւ գոյատեւման էական ներդրում ունեցած է գրաւոր մշակոյթը, որուն վկայ է մեր ձեռագրական հարստութիւնը։ Մշակոյթ կը նշանակէ գեղեցիկին, բարիին, մտաւորին, հոգեւորին մշակումը եւ զարգացումը։ Մշակոյթի զարգացումը զուգահեռ կ'ընթանայ մարդու զարգացման հետ, այնքան ատեն որ մարդը կը ձգտի ձեռք բերելու ոչ միայն նիւթական կամ տնտեսական նուաճումներ, այլ առաւել եւս մտաւոր եւ հոգեւոր։
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, որ անհամեմատօրէն լի է ճակատագրական վերիվայրումներով, ազգերու եւ ժողովուրդներու կարգին կը գրաւէ յատուկ տեղ մարդկութեան ընձեռած իր մտաւոր եւ հոգեւոր արժէքներով։
Չենք կրնար բաղդատել մեզի հասած մշակութային կոթողներու եւ արժէքներու քանակը այլ ազգերու եւ ժողովուրդներու թողած ժառանգութեան հետ։ Սակայն անկասկածօրէն կրնանք հպարտանալ հայկականին բարձր որակով։ Առաւել եւս՝ հպարտանալ քանակով, որ մեզի հասած է ի հեճուկս դարեր տեւող հալածանքի, բռնութեան, բնաջնջումի, տարագրութեան, կոտորածի, ողջակիզումի, հրոսումի եւ բռնագրաւումի։ Այս բոլորին վկաներն են ոչ միայն հայկական, այլ եւ օտար կամ օտարալեզու վաւերագրեր կամ աղբիւրներ։ Այս հաղորդաշարի ծրագրին մէջ յատուկ կերպով կ'անդրադառնանք մեր ձեռագիր ժառանգութեա՛ն մէջ իսկ յիշատակուած պատմական ուղիին, որուն մէջէն անցած են հայ գրչագրողն ու ընդօրինակողը եւ հայ ձեռագիրը։
Երախտաւոր հայագէտներ արդէն 19րդ դարէն սկսեալ հաւաքած եւ կազմած են ձեռագրերու ցուցակներ, հրատարակած են յիշատակարաններ, որոնց շնորհիւ այսօր կրնանք պատմական անցուդարձերու եւ ձեռագրային ժառանգութեան ճակատագրին բաւականին կենեղուտ պատկեր մը գծել։ Այս մարզին մէջ մեծ արժանիք ունին յատկապէս անոնք որոնք կազմած են ցուցակներ այն ձեռագրերուն, որոնք զոհ եղան ԺԹ. եւ Ի. դարերու ցեղասպանութիւններուն՝ մեծ հարուած տալով ոչ միայն հայոց այլ նաեւ ընդհանուր մարդկութեան պատմութեան մշակութային հարստութեան։
Հայ ձեռագիր ժառանգութիւնը լոյս ընծայելու, արժեւորելու եւ համապատկեր մը ունենալու նպատակով հայագէտներ արդէն ԺԹ. դարուն սկսած են կազմել հաւաքածոներ եւ յիշատակարաններու հրատարակումներ։
Հայ մատենագրութեան տպագիր հրատարակութիւնները ԺԷ. դարէն սկսեալ միշտ աւելի ընդհանրացան, յատկապէս կենդրոնանալով Կ. Պոլիս, Երուսաղէմ եւ Վենետիկ։
Հրատարակութիւնները ունենալով գիտական հանգամանք, կարիքն ունէին ձեռագրային համեմատութիւններու։ Հետեւաբար անհրաժեշտ էր ծանօթանալ ցիրուցան ձեռագիրներուն։
Ասոր զուգահեռ ԺԹ. դարուն մեծ աշխատանք կը տարուէր կազմել հայ մշակութային եւ ազգագրական արժէքներու հաւաքման, ցուցակագրման եւ վերլուծման վրայ։
Ահա այս շրջաններուն մէջտեղ եկան զանազան ցանկեր եւ հաւաքածոներ՝ ձեռագրացուցակներ, յիշատակարաններու հրատարակութիւններ եւ գիտական հանդէսներ։
Ի. դարը Սովետական Հայաստանի մէջ մեծ գիտնականներ յառաջ բերաւ եւ պետութեան ու ակադեմիայի ծրագիրները մեծապէս նպաստեցին հայագիտութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.