2014-10-30 10:08:19

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքի կոչը աշխարհի թեմերուն ներդրումներ կատարելու Ս. Երկիր։


(Ռ.Վ. 30 հոկտեմբեր 2014) Սահմանափակելու Ս. Երկրի քրիստոնեաներու գաղթը, Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, յայտարարած է հարկաւորութիւնը որ աշխարհի բոլոր թեմերը տնտեսական ներդրումներ կատարեն ս. Երկիր։
Պատրիարքին գնահատումով եթէ ամէն մէկ թեմ տուն մը գնէ Բեթղեհէմի կամ Երուսաղէմի մէջ, կարելիութիւն պիտի տրուի երիտասարդ քրիստոնեայ զոյգերուն տունի տէր դառնալու։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` կարդինալ Պանիասքօ սրտաբաց ու խանդավառ ընդունած է սոյն գաղափարը։
Ս. Երկրի մէջ տուներու արժէքը 200 հազար տոլարէն 1.5 միլիոն է, հետեւաբար մէկ կամ բազմաթիւ ժողովրդապետութիւններ, ի վիճակի են առանց մեծ դժուարութեան տուն մը գնել Պաղեստինի կամ Իսրայէլի մէջ ու կարելիութիւն տալու երիտասարդ զոյգերուն Ս. Երկիր հաստատուիլ փոխանակ արտերկիրներ գաղթելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.