2014-10-29 10:37:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին տեսանելի եւ հոգեղէն իրականութիւն''։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ, շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին իր խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ ''Եկեղեցւոյ տեսանելի եւ հոգեղէն իրականութեան մասին''։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, անցեալ ունկնդրութիւններուն ընթացքին առիթ ունեցանք ընդգծելու Եկեղեցւոյ հոգեւոր բնոյթը որ է` Քրիստոսի Մարմին յայտնուած Սուրբ Հոգիէն։ Սակայն երբ կը խօսինք Եկեղեցւոյ մասին մեր միտքը կու գան մեր հասարակութիւնները, ժողովրդապետութիւնները, թեմերն ու անոնց կառոյցները որոնք կը կազմեն Եկեղեցւոյ տեսանելի բնոյթը։ Առ այդ Եկեղեցին միաժամանակ տեսանելի եւ հոգեղէն է – հաստատեց Քահանայապետը – ակնարկելով թէ անոր տեսանելի բնոյթը չէ կազմուած միայն եպիսկոպոսներէն, քահանաներէն եւ կրօնաւորներէն այլեւ բոլոր մկրտուած հաւատացեալներէն որոնք Քրիստոսին կը հետեւին։
Այս իրականութիւնը սակայն կարելի չէ չափել` որովհետեւ Աստուծոյ մեր միջոցաւ ու սրտերուն մէջ իրագործած բարիքները կը գերազանցեն մեր հսկողութիւնն ու մեր ուժը. Խորհրդաւոր իրականութիւն մըն է որովհետեւ Աստուծմէ կը բխի։ Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց թէ եկեղեցւոյ հոգեղէն եւ տեսանելի բնոյթներու միջեւ կապը հասկնալու համար ուրիշ ուղի չկայ եթէ ոչ նայիլ Քրիստոսին` որուն մէջ մարդկային եւ աստուածային բնութը միացած են մէկ անձին մէջ։ Այսպէսով է որ Աստուած կը գործէ Եկեղեցւոյ տեսանելի իրականութեան մէջ իր փրկագործ ծրագիրը իրականացնելու համար։ Եկեղեցին – ըսաւ հուսկ Քահանայապետը- բնակուած է Սուրբ Հոգիէն, Ան հաւատքի խորհուրդ մըն է ուր անտեսանելին աւելի կարեւոր է տեսանելիէն։ Եկեղեցին իր տեսանելի իրականութեամբ, վկայութեամբ եւ իր սուրբ խորհուրդներով, ամէն օր կանչուած է մօտիկ ըլլալու ամէն մարդ անհատի, սկսեալ աղքատներէն, տառատպեալներէն եւ մեկուսացումի մէջ ապրողներէն, որպէսզի անոնց ցուցաբերէ Յիսուսի ողորմած եւ կարեկցող նայուածքը, ըսաւ Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց հայցելով հաւատքի շնորհքը որպէսզի կարենանք – ըսաւ Ան – հակառակ մեր տկարութիւններուն եւ աղքատութեան, հասկնալ թէ Տէրը մեզ դարձուց շնորհքի գործիքներ եւ իր սիրոյն տեսանելի նշան` համայն մարդկութեան համար։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներուն ու նորապսակեալները։
Սիրելի երիտասարդներ, -ըսաւ Քահանայապետը - Սուրբերուն նայեցէք որպէս կեանքի տիպար. Սիրելի հիւանդներ` ձեր ցաւերը նուիրեցէք անոնց որ ապաշխարութեան կարիքը ունին եւ դուք սիրելի նորապսակեալնեը`խնամք տարէք ձեր ընտանեկան օճախի հաւատքի զարգացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.