2014-10-29 12:31:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն հետ։


Հող, տուն եւ գործ սրբազան իրաւունքներ են եւ բովանդակութիւն՝ եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սիւնհոդոսական նախկին սրահին մէջ, հանդիպում ունեցաւ ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն հետ։ Հաւաքը որ տեղի կ՛ունենայ, 27-29 հոկտեմբեր, կազմակերպուած է արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ ընկերային գիտութիւններու քահանայապետական կաճառին։
Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հաւաքի իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պոլիվիայի հանրապետութեան նախագահ` Էվօ Մորալեսը որ ապա առանձնական եւ ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։
Ժողովականներուն ներկայացուցած իր երկարաշունչ խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ երեք բառերու վրայ` հող,տուն եւ աշխատանք ըսելով.

''Մտահոգ եմ, որ մարդիկ այսօր պատերազմներու եւ բնութեան արհաւիրքներու պատճառով արմատախիլ կ'ըլլան։ Քրէական յանցանք է՝ որ միլիոնաւոր մարդիկ կը տառապին անօթութենէ, մինչ տնտեսական շահադիտութիւններ սնունդի գիները կը պայմանաւորեն, վերածելով սնունդը լոկ վաճառքի առարկայի։ Կը յափշտակուի ընտանիքի հիմնական իրաւունքներէն մին, զրկելով զայն բնակարանէ։ Այսօր կ'ապրինք ամէն ճոխութեամբ օժտուած քաղաքներու մէջ, սակայն կ'ուրանանք հազարաւորներու, ներառեալ երեխաներու՝ բնակութեան իրաւունք ։
Չկայ աւելի վատ նիւթական աղքատութիւն քան ուրանալ անձի մը իր հացը ճարելու իրաւունքը, կողոպտելով աշխատանք ունենալու արժանապատուութեան իրաւունքը։ Հասած ենք ընկերային հանգրուանի մը, ուր նիւթական շահը կը դրուի մարդ արարածէն առաջ. հասած ենք մշակոյթի մակարդակի մը, որ մարդ արարածը կը դիտէ իբր սպառելի, մսխելի բարիք։
Արդէն կ'ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմը, որովհետեւ կան տնտեսական կառոյցներ որոնք պարտադիրօրէն պատերազմներ կը մղեն կարենալ գոյատեւելու համար։
Որքա՛ն տառապանք, որքա՛ն կործանում, որքա՛ն ցաւ։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն, բոլոր ժողովուրդներու մէջ, ամէն սրտի մէջ, բոլոր ժողովրդային շարժումներու մէջ կայ խաղաղութեան տենչը։ Վե՛րջ տուէք պատերազմին։
Կը տեսնենք տնտեսական կառոյց մը, որ կը չարաշահէ բնութիւնը, պարզապէս պահելու համար սպառումի անխափան ընթացքը, ունենալով քանդիչ հետեւանքներ բնութեան մէջ։
Տնտեսական կառոյցներուն մէջէն մարդ արարածը դուրս դրուած է փոխարինուելով դրամի պաշտամունքով։ Աշխարհ մոռցած է զԱստուած, որ մեր Հայրն է, եւ մնացած է որբ՝ որովհետեւ դրած է զԱստուած մէկ կողմ։
Կոչ կ'ուղեմ ժողովրդային շարժումներուն, որ փոխեն այս կառոյցը քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Մենք քրիստոնեաներս ունինք գեղեցիկ ծրագիր մը՝ Աւետարանի երանելիները եւ Մատթէոս Աւետարանի 25րդ գլուխը։
Ժողովրդային շարժումները կ'արտայայտեն մեր ժողովրդավարութիւնները վերակենդանացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Անկարելի է մտածել հասարակութեան մը ապագայի մասին առանց նկատի առնելու ստուար մեծամասնութեան գործունեայ մասնակցութիւնը։
Կոչ կ'ուղեմ՝ ո՛չ մէկ ընտանիք առանց բնակարանի, ո՛չ մէկ բնակավայր առանց հողի, ո՛չ մէկ բանուոր առանց իրաւունքի, ո՛չ մէկ անհատ առանց աշխատանք ունենալու արժանապատուութեան։''








All the contents on this site are copyrighted ©.